Ֆրանսան պիտի շարունակէ ներդրում ունենալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան զարգացման ջանքերուն մէջ: Այս մասին յայտնած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցչութիւնը:
«Եւրոպական Միութեան հետ միատեղ, Ֆրանսան պիտի շարունակէ ներդրում ունենալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան զարգացման ջանքերուն մէջ, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ: Ֆրանսան Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ վերականգնելու անցեալ տարուան 12 դեկտեմբերէն փակուած Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը», կը նշուի ներկայացուցչութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ:


