Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Աւետիս Ինճէճիքեանի Կենսագրութիւնը

February 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Աւետիս Ինճէճիքեան ծնած է Քեսապ, 1884-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի մանչերու աւետարանական վարժարանին մէջ: Գացած է Այնթապ եւ ուսանած է Կ. Թ. քոլեճին մէջ, աւարտած է 1907-ին: Վերադարձած է Քեսապ եւ երկու տարի ուսուցչութիւն ըրած է:

1912-ին մեկնած է Պէյրութ եւ բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ:

1914-ին ամուսնացած է քեսապցի բժիշկ Սողոմոն Աբէլեանի Պեհեսնիցի դստեր հետ:

1915-ին ձգած է ուսումը եւ  տարագրուած է ընտանեօք: Շրջան մը կը մնայ Ճըսըր Շուղուր, Սուրիա, ապա աներոջ. բժիշկ Սողոմոնին հետ կը հաստատուի Հալէպ եւ կը ծառայէ օսմանեան բանակին մէջ:

Զինադադարէն ետք կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը շարունակէ բժշկական ուսումը: Կը վկայուի 1919-ին:

1920-1922 կը գործէ Սուէտիոյ մէջ` իբրեւ քաղաքապետարանի բժիշկ: Կը վերադառնայ Քեսապ, 1923-ին:

1924-ին կ՛ընտրուի Սուրիոյ Երեսփոխանական ժողովի անդամ` Անտիոքի եւ Քեսապի շրջանէն: Կը վերընտրուի 1925-ին:

Քաղաքական պատճառներով կը հաստատուի Խարթում, Սուտան, եւ հոն կը գործէ երկու տարի իբրեւ բժիշկ:

1928-ին կը վերադառնայ Քեսապ, կը սկսի ծառայել Քեսապի հայութեան եւ այդպէս կը շարունակէ մինչեւ իր մահը, 1976:

Պէյրութի մէջ ուսանողութեան շրջանին կը դառնայ տեղւոյն ՀՅԴ-ի անդրանիկ անդամներէն մէկը: 1905-ին կ՛ըլլայ Պէյրութի Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներէն մէկը: 1905-ին կ՛ըլլայ Քեսապի մէջ կազմուած ՀՅԴ-ի միաւորին հիմնադիրներէն մէկը:

1910-ին խումբ մը երիտասարդներու հետ կը հիմնէ Քեսապի Ուսումնասիրաց միութիւնը: Խարթումէն վերադառնալէ ետք կը ղեկավարէ այս միութիւնը:

Իր ջանքերով կը հիմնուի Քեսապի Միացեալ վարժարանը: Ան կը դառնայ Միացեալ վարժարանին արտօնատէրը յաչս պետութեան:

1914-ին կը մասնակցի Կարինի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի Բ. Ընդհանուր ժողովին:

Եղած է ՀՅԴ-ի հաւատաւոր եւ անսակարկ ծառայող եւ գործող անդամ:

Իր ծառայութիւնները ի սպաս դրած է Քեսապի ամբողջ հայութեան, բոլոր յարանուանութիւններուն, օգնութեան խաչին, ՀՄԸՄ-ին եւ կրթական մարմիններուն:

Բժիշկ Աւետիս Ինճեճիքեան մեծ դեր ունեցած է Քեսապի քաղաքապետարանի կազմութեան մէջ, 1923-ին: Երկար ատեն եղած է Քեսապի քաղաքապետարանի բժիշկ: Իրականացուցած է քաղաքապետական եւ ժողովրդական ձեռնարկներ, մանաւանդ` ջուրի, ելեկտրականութեան, բարեկարգումի մարզերուն մէջ:

Եղած է յարգուած բժիշկ ո՛չ միայն հայերու, այլ նաեւ Քեսապի արաբ, ալեւի, յոյն եւ թուրք բնակիչներուն եւ անոնց ղեկավարներուն կողմէ:

Եղած է ծառայասէր բժիշկ, դարմանած է հիւանդներուն ախտերը սիրով եւ հոգածութեամբ, բուժած է մարդոց հոգեկան տառապանքներն ու դժուարութիւնները: Ծառայած է անսակարկ, առանց ակնկալութեան, եղած է բարեխնամ, բարեսիրտ, ուսումի եւ կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան նուիրեալ մարդ: Եղած է արդարամիտ, անկողմնակալ եւ շրջահայեաց:

Բժիշկ Աւետիս Ինճէճիքեան մահացած է 1976-ին եւ թաղուած է իր սիրելի ծննդավայրին Քեսապի մէջ:

Մոնրէալ, 20 յունուար 2023

Աղբիւրներ`

  1. Լոս Անճելըսի Ք. Ու. Մ., տարեգիրք, 1977:
  2. Լոս Անճելըսի Քեսապցիներուն Ուսումնասիրաց Միութիւն, Քեսապն ու քեսապցին, Լոս Անճելըս, 2011:
  3. Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին (Յաւելուած), Բժիշկին Զ. խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2022:
  4. Չոլաքեան, Յակոբ, Քեսապ, Գ. հատոր, Հալէպ, 2004:
Նախորդը

Շնորհակալութի՜ւն…

Յաջորդը

Իսրայէլեան Հեռատեսիլային Ալիքը Քարոզչութիւն Կը Սփռէ Ազրպէյճանա-Իսրայէլեան Ռազմական Յարաբերութիւններու Մասին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.