Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարեւորը Խորհրդանշանին Հիմնաւորումն Է

March 14, 2012
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան կը ներկայացնէ թրքական դրամանիշի խորհրդանշանը

Թրքական լիրան (թղթոսկի) այժմ խորհրդանշան մը ունի: Սակայն ձեր գումարին արժէքը աւելի կարեւոր է, քան` ատոր խորհրդանշանին գեղագիտական տեսքը:

Եկէք մէկ կողմ ձգենք անիմաստ վէճերը, ինչպէս` «ատիկա կը նմանի հայկական դրամի խորհրդանշանին», կամ` «գեղեցիկ, աղուոր չէ»: Ինչ որ իսկապէս կարեւոր է, այն է, թէ մենք այս խորհրդանշանը ինչպէ՛ս պիտի օգտագործենք:

Գրեթէ իւրաքանչիւր դրամանիշ խորհրդանշան մը կ՛ունենայ, բայց աշխարհը գիտէ միայն ուժեղ դրամանիշներու խորհրդանշանները: Ցարդ մենք չէինք գիտեր, որ հայաստանեան կամ իրանեան դրամանիշները խորհրդանշաններ ունէին:

Մենք պիտի վարժուինք մեր լիրայի խորհրդանշանին եւ մեր միտքերուն մէջ պիտի պահենք, մինչեւ այն ատեն որ տնտեսութիւնը կը շարունակէ ուժեղ մնալ, պահպանուած` սղաճին դէմ, եւ մինչեւ այն ատեն որ մեր դրամը իր արժէքը չի կորսնցներ մեր աչքերուն:

Ես նաեւ քաղաքական պատգամ մը կը տեսնեմ խորհրդանշանին երեւումին ժամանակացոյցին ետին: «Հապերթուրք» օրաթերթի յօդուածագիր Ապուլլա Եըլտըրըմ եւս ասիկա նշեց: Քաղաքական պատգամը կրնայ թարգմանուիլ իբրեւ Եւրոպական Միութեան հանդէպ Թուրքիոյ սառնութեամբ, եւ մասնաւորաբար` եւրոպական գօտիի դրամանիշին միանալու մասին երբեք չմտածելով: Բացայայտօրէն, թրքական լիրան որոշած է իր սեփական ոտքերուն վրայ մնալ:

Վստահ եմ, որ Պրիւքսել նկատած է այս քայլը:

Էրթեկիւն Ինչո՞ւ Նկատի Չառաւ
Թրքական Համալսարան Մը

Միճա Էրթեկիւն

Հանգուցեալ Ահմեթ Էրթեկիւնի այրին` Միճա Էրթեկիւն, ամէնէն մեծ նուիրատուութիւնը ըրաւ Բրիտանիոյ հռչակաւոր Օքսֆորտ համալսարանի պատմութեան մէջ. ան համալսարանին 41 միլիոն տոլար նուիրեց:

Բրիտանացիք օդը թռան:

Շրջանաւարտ ուսանողներուն կրթաթոշակներ պիտի յատկացուին այս դրամով: Պիտի ընտրուին ամէնէն փայլուն ուսանողները, որոնց աջակցութիւն պիտի տրամադրուի իրենց հետագայ նուաճումներուն համար:

Ասիկա չափազանց առատաձեռն նուիրատուութիւն է: Ասիկա կը յարմարի էրթեկիւններուն:

Ես շատ լաւ կը ճանչնամ ե՛ւ հանգուցեալ Ահմեթը ե՛ւ իր կինը` Միճա Էրթեկիւնը. անոնք մարդիկ են, որոնք ես կը սիրեմ եւ կը յարգեմ: Սակայն չեմ կրնար չմտածել, թէ Միճա ինչո՞ւ նկատի չառաւ նուիրատուութիւն մը` թրքական համալսարանի մը:

Միայն ես չեմ, ուրիշներ ալ ատոր մասին մտածած են:

Ճենկիզ Սեմերճիօղլու իր յօդուածին մէջ վերջերս անդրադարձած է այս մասին:

Ինչո՞ւ ընտանիք մը, որ կը սիրէ, կ՛աջակցի եւ ներդրում կ՛ընէ Թուրքիոյ մէջ, կը նախընտրէ Օքսֆորտը:

Օքսֆորտ համալսարանը արդէն առաւել հռչակաւորներէն է աշխարհի մէջ: Այդտեղէն շրջանաւարտներու մակարդակը ինքզինք փաստող ապացոյց է: Ուր որ երթան անոնք, անմիջապէս կ՛ընտրուին:

Բացի ատկէ, Օքսֆորտ նաեւ ունի միջոցները, դժուարութիւն չունի: Ատիկա հաստատութիւն մըն է, որ կրնայ դիւրութեամբ դրամ գտնել, երբ պէտք ունենայ ատոր:

Ոեւէ մէկէն աւելի, Թուրքիա՛ կարիք ունի որակեալ, լաւ պատրաստուած մարդոց:

Օրինակ, ինչո՞ւ չնուիրաբերել Էօզիէտտին համալսարանին, կամ այլ համալսարանի հիմնադրամի, բայց ոչ` Օքսֆորտի:

Վստահաբար Էրթեկիւն ընտանիքը իր սեփական հաշիւները ըրած է, եւ իր անհատական յարաբերութիւնները ունի: Դրամը իրենցն է, իրենք ո՛ւր որ կ՛ուզեն, կրնան նուիրել: Բայց ես տակաւին կը մտածեմ, ինչո՞ւ ոչ` թրքական համալսարան մը: Այդ գումարով թրքական քանի մը համալսարաններ կրնային փայլիլ:

Արդեօ՞ք անոնք կը կարծեն, թէ իրենց դրամը կրնայ սխալ տեղեր երթալ:

Կամ` արդեօ՞ք անոնք կ՛ենթադրէին, որ ատիկա կրնար ակնկալուող հեղինակութիւնը չտրամադրել: Ամէն պարագայի, կրկին կը կարծեմ, թէ այսպիսի հարցեր մեզմէ կը ծագին, քանի որ մենք չենք կրցած Միճա Էրթեկիւնի միտքին մէջ թրքական համալսարան մը տեղադրել:

Եկէք` Վերջ Տանք Անուանումի
Կատակերգութեան

Ճամբաներ եւ համալսարաններ օրուան յատկանշական անուններով կոչելը, եւ ապա այդ անուններու տապալումէն ետք, ատոնք փոխելու փորձը մեր հին սովորութիւններէն է:

Զինուորականութիւնը ձեռք կ՛առնէ կառավարութիւնը, ուրեմն մենք երկինքներն ու քարերը կ՛անուանենք` Քենան Էվրեն: Մենք  փողոցներ, դպրոցներ, զօրանոցներ ունինք յեղաշրջումի ղեկավարներու անուններով:

Ես չեմ խօսիր պատմական անձնաւորութիւններու, հռչակաւոր հրամանատարներու, ակնառու արուեստագէտներու անուններով հաստատութիւններ կոչելու մասին: Ես այլ բանի մասին կը խօսիմ:

Քանի մը քաղաքապետարաններ կ՛օգտագործեն նոյն մեթոտը` ողջունելու համար իրենց կուսակցութիւնը, ստեղծելով մեքանիզմ մը, որ պիտի ծառայէ իրենց շահերուն:

Արդեօք ժամանակը չէ՞ վերջ տալու այս կատակերգութեան:

Մենք մեզ յիմարի տեղ կը դնենք, եւ նաեւ կը խայտառակենք անոնք, որոնց անունները կը յիշատակենք, ապա կը ջնջենք:

ՄԵՀՄԵԹ ԱԼԻ ՊԻՐԱՆՏ

«Հիւրրիյէթ»

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Թուրքիա Եւ Իրան. Ժպիտներու Ընդմէջէն Մրցակցութիւնը Կը Սրի

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։