Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Եթէ Հայաստանը Շահագրգռուած Է, ՀԱՊԿ-ի Առաքելութիւնը Կրնայ Արագ Տեղակայուիլ Երկրին Մէջ. Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Սահմանին Յայտնուիլը Կրնայ Աշխարհաքաղաքական Ճակատումի Յանգեցնել»

January 27, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 յունուարին, Եւրոպական Միութեան խորհուրդը որոշում որդեգրած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքային նոր առաքելութիւն ստեղծելու մասին` երկու տարի ժամկէտով: Եւրոպական Միութեան ներկայութեան որոշակի շրջագիծերը յառաջիկային պիտի որոշուին: Սակայն արդէն ակնյայտ է, որ անիկա աւելի յաւակնոտ պիտի ըլլայ, քան Եւրոպական Միութեան հսկողութեան մեքանիզմը, որ Հայաստանի մէջ գործած է անցեալ տարուան հոկտեմբերէն դեկտեմբեր ամիսներուն: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

«Անդրկովկասի մէջ արտաշրջանային գործօնի ամրապնդման հարցին մէջ Ռուսիոյ սկզբունքային դիրքորոշումը չէ փոխուած: Մենք, հայ-ազրպէյճանական սահմանի տարածքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ Եւրոպական Միութեան «փորձագէտներու» վերահսկողութեան լոյսին տակ, որեւէ «յաւելուած արժէք» չենք տեսներ: Եթէ Պրիւքսելը անկեղծօրէն շահագրգռուած ըլլայ Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեամբ, ապա իր առաքելութեան աշխատանքի պայմաններուն շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյացնէր Ազրպէյճանի հետ:

Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի կցորդի վերածուած եւ ԱՊՀ տարածքին մէջ ճակատման քաղաքականութիւն վարող Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներու յայտնուիլը Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կրնայ միայն աշխարհաքաղաքական ճակատում բերել շրջան եւ սրել գոյութիւն ունեցող հակասութիւնները:

Եւրոպական Միութեան առաքելութեան յայտարարուած քաղաքային բնոյթը եւս պէտք չէ մոլորեցնող ըլլայ. անիկա կը ձեւաւորուի Եւրոպական Միութեան ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ` ատկէ բխող բոլոր հետեւանքներով:

Եւրոպական Միութեան` Հայաստանի մէջ ամէն գնով ամրապնդուելու եւ Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերը ետ մղելու փորձերը կրնան վնասել հայերու եւ ազրպէյճանցիներու հիմնարար շահերը` շրջանի խաղաղ զարգացման վերադառնալու անոնց ձգտումներուն մէջ: Համոզուած ենք, որ տեսանելի ապագային շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան առանցքային գործօնները կը մնան Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան հիման վրայ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմաններուն ծառայող Ռուսիոյ սահմանապահները: Անոնք Եւրոպական Միութեան դէտերու պահուածքին պիտի արձագանգեն` հաշուի առնելով «տեղւոյն վրայ» կացութեան զարգացումը:

Մենք կը ճշդենք, որ Երեւանի մէջ, առանց իր տրամաբանական աւարտին հասցնելու ՀԱՊԿ-ի առաքելութեան ուղղութեամբ աշխատանքները, գերադասած են ընտրութիւն կատարել յօգուտ Եւրոպական Միութեան: Եթէ հայ դաշնակիցները շահագրգռուած են օգտագործել ՀԱՊԿ-ի ներուժը, ապա անոր առաքելութիւնը կրնայ արագ տեղակայուիլ Հայաստանի մէջ:

Ինչպէս նախապէս, մենք կը կարծենք, որ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ, ընդհանրապէս, շրջանին մէջ կացութեան բարելաւման ամէնէն կայուն եւ երկարաժամկէտ հիմքը Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եւ 31 հոկտեմբեր 2022-ի եռակողմ համաձայնութիւններու խստիւ եւ հետեւողական կատարումն է. համաձայնութիւնները կը վերաբերին այդ շարքին բոլոր փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, հայ-ազրպէյճանական սահմանազատման եւ սահմանագծման, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շրջագիծերու շուրջ համաձայնութեան գոյացման, հասարակութեան, փորձագիտական շրջանակներու եւ խորհրդարանականներու միջեւ եռակողմ հաղորդակցութիւններու զարգացման: Ռուսիան պատրաստ է ամէն կերպ աջակցելու ատոր», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ալիեւ Բերձորի Միջանցքի Փակման Մասին Հայաստանի Յայտարարութիւնները «Բացարձակ Սուտ» Կը Կոչէ

Յաջորդը

«Հայաստանի Հակառակորդները Ֆրանսայի Հակառակորդներն Են» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Ներքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.