Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի ֆրանսացի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու որոշեց իր ելոյթները շարունակել իր ակումբին հետ:
Ան ըսաւ, որ կ՛ուզէ երկարաձգել իր գործող պայմանագրութիւնը միլանեան ակումբին հետ:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի լաւագոյն ռմբաձիգին պայմանագրութիւնը Ա. Սէ. Միլանի հետ կ՛աւարտի 30 յունիսին:
Ընթացիկ տարեշրջանին 36 տարեկան ֆութպոլիստը անոր հետ ցարդ 24 մրցումի ընթացքին նշանակած է 9 կոլ եւ կատարած 6 էսիսթ:


