Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին Եւ Ռուսիոյ Կոչ Ուղղած Են Վերականգնելու Բերձորի Միջանցքով Ազատ Երթեւեկը

January 18, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ լրջօրէն մտահոգուած են, որ Բերձորի միջանցքը աւելի քան երեսուն օրէ ի վեր փակուած է` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ այլ պաշարներու խիստ պակաս յառաջացնելով. «այս փաստերը անվիճելի են»: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, նման յայտարարութիւն կատարած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Քարփենթըր` ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի յատուկ նիստի ընթացքին, որ հրաւիրուած է Հայաստանի նախաձեռնութեամբ: Նիստին կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

«Մենք Ազրպէյճանին եւ Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ վերականգնելու անխափան տարանցումը` պահպանելով նախապէս ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնք յստակօրէն կը ներառեն երաշխիքներ, ինչպէս դուք (Արարատ Միրզոյեանը, «Ա.») մէջբերեցիք, «Լաչինի միջանցքով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անվտանգ տեղաշարժի համար երկու ուղղութիւններով»: Լաչինի ճամբով սեփական եւ առեւտրական երթեւեկութեան շարունակուող խափանումը կրնայ ծանր մարդասիրական հետեւանքներ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող մարդոց համար», ըսած է Մայքըլ Քարփենթըր:

ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Միջազգային կարմիր խաչին` կարեւոր օգնութիւն ցուցաբերելուն համար, եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է` ապահովելու յարգանքը այս տարածքին մէջ ապրող բնակչութեան իրաւունքներուն, անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան նկատմամբ:

«ԵԱՀԿ-ի բոլոր մասնակից պետութիւնները պարտաւոր են պաշտպանել իրենց տարածքին մէջ գտնուող անձերու անվտանգութիւնը` անկախ ազգային պատկանելիութենէն», նշած է Քարփենթըր:

«Ես նաեւ կ՛ակնկալեմ Լեհաստանի նախագահի Կարիքներու գնահատման խումբի առաջարկներուն վերաբերեալ բովանդակալից քննարկում` Հիւսիսային Մակեդոնիոյ ղեկավարութեամբ: ԵԱՀԿ-ը եւ անոր տարբեր կառոյցները լաւ դիրքի վրայ կը գտնուին` աջակցելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին` հիմնուելով անվտանգութեան հարցին մէջ մեր համապարփակ մօտեցման վրայ եւ խարսխուած մեր արժէքներուն, սկզբունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն վրայ: Մենք ունինք լայնածաւալ գործիքակազմ, որ կրնայ օգտագործուիլ այս տագնապին մէջ, եւ մենք պէտք է քննարկենք, թէ ատիկա ինչպէ՛ս կրնանք ընել», ըսած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղեն` վերսկսելու բովանդակալից բանակցութիւնները` լուծելու իրենց վէճերը:

«Համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրը միակ ճշմարիտ ուղին է դէպի երկարատեւ խաղաղութիւն` հիմնուած յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ փոխադարձ ճանաչման վրայ: Մենք նաեւ Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղենք` հետաքննելու ենթադրեալ վայրագութիւնները եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու մեղաւորները», ըսած է Մայքըլ Քարփենթըր:

ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն աշխատիլ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ թէ՛ միակողմանիօրէն, թէ՛ ալ բազմակողմանիօրէն` այնպիսի գործընկերներու միջոցով, ինչպիսին է Եւրոպական Միութիւնը, եւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջոցով, ինչպիսին է ԵԱՀԿ-ը` հասնելու այս տագնապի համապարփակ եւ կայուն լուծման:

 

Նախորդը

Ֆրանսան Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Եւ Անվերապահօրէն Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Տեղաշարժի Ազատութիւնն Ու Անվտանգութիւնը

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Մտադիր Է Մէկ Ամիսէն Դիտորդական Նոր Առաքելութիւն Ուղարկել Հայաստան Առնուազն Երկու Տարիով

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.