Բրիտանիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման հարցերու նախարարութիւնը եւ Արտածումներու վերահսկման միացեալ վարչութիւնը թարմացուցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ կիրարկուող զէնքի մատակարարման արգելքի վերաբերեալ իրենց ուղեցոյցը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, փոփոխութեամբ կը յստակացուի հետեւեալը.
«Զինուորական սարքաւորումներու ցանկին մէջ ներառուած ապրանքներու մատակարարումը այլ վերջնական օգտագործողներուն, ինչպիսին են մարդասիրական, խաղաղապահ, հետազօտական կամ լրատուական կազմակերպութիւնները, պիտի չնկատուին արգելքի ենթակայ, եթէ չկայ որեւէ պետութեան զինեալ ուժերու, ոստիկանութեան կամ անվտանգութեան ուժերու փոխանցման յստակ վտանգ»:
Փետրուար 1992-ին, ԵԱՀԿ-ը բոլոր մասնակից երկիրներէն պահանջած էր արգելք հաստատել «Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ մարտական գործողութիւն կատարող ուժերուն զէնքի եւ զինամթերքի բոլոր մատակարարումներուն վրայ»: Այս արգելքը տակաւին կը գործէ:
2 յուլիս 2014-ին Բրիտանիան յստակացուցած էր, որ զէնքի մատակարարման արգելքը կը տարածուի Բրիտանիոյ զինուորական ցուցակի (որ կը հանդիսանայ երկրի արտածման ռազմավարական հսկողութեան ցուցակներու մէկ մասը) բոլոր ապրանքներու եւ տարրերու արտածման, մատակարարման կամ առաքման վրայ, որոնք կրնան օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի ծիրին մէջ կամ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ցամաքային սահմանին վրայ:


