Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին («ԱՅ. ԹԻ. ԷՖ.») հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կազմակերպութիւնը իր պայմանագրութիւնը խզեց «Քոսմոս» ընկերութեան հետ, որ կը պատկանի քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ Ժերար Փիքէի:
Կողմերուն միջեւ համագործակցութիւնը, որ սկսած էր օգոստոս 2018-ին, պիտի աւարտէր նոյեմբեր 2023-ին, թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի 8-րդ աւարտականէն ետք:


