Այս օրերուն անցեալին մէջ ճամբորդութիւն մըն է, որ կը կատարենք, որովհետեւ մեր յուսալից աչքերը կը յառենք 2023-ին` անտեսելով դեկտեմբեր ամսուան գոյութիւնն ու ներկայութիւնը:
Դժբախտ է դեկտեմբեր ամիսը, որովհետեւ միշտ կ՛անտեսուի եւ կ՛արհամարհուի: Անոր ընթացքին մարդիկ իրենք զիրենք արդէն իսկ Նոր տարին թեւակոխած կը զգան` խանդավառ մթնոլորտ, Կաղանդի ծառեր, Ս. Նիկողայոս հայրապետին (Կաղանդ պապային) պատկերները, 2023-ը դիմաւորող բարեմաղթութիւններով լի ցուցատախտակներ, Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը խորհրդանշող մսուրներ, զարդարուած լոյսեր… մէկ խօսքով` Նոր տարին իր ժամանակէն առաջ հասած, իսկ դեկտեմբեր ամիսը` մոռցուած:
Հաստափոր է 2022-ի հատորը: Անոր մէջ կան սեւապատ գլուխներ ու էջեր, որոնք չենք ուզեր թերթատել` վախնալով անոնց կրկնութենէն: Անոնց կողքին, կան վարդագոյն ու ծիածանուած գլուխներ ու էջեր, որոնք կը թերթատենք ժպտադէմ եւ անկուշտ յափշտակութեամբ: Կան նաեւ մոխրագոյն գլուխներ ու էջեր, որոնց «աչք նետել»-ն իսկ այլեւս անիմաստ ու անարժէք է:
Նոր տարին հասած է մեր տան դռներուն դիմաց: Հասած է 2022-ի ծանր ու սեւ էջը դարձնելու պահը: Կը մնան «մատի վրայ համրուող» մանրուք օրեր, աւելի ճիշդ` ժամեր: Զբաղ ենք Կաղանդի պատրաստութիւններով: Կը փորձենք կարելի եղած չափ արագ անցընել մնացեալ ժամերը, որպէսզի շուտով դարձնենք 2022-ին անհամ ու անգեղ էջը: Սակայն յիշեալ անախորժ էջը դարձնելէ առաջ հարկ է, որ 2022-ի «հաշիւը ընենք», այսինքն հաշուեյարդար կատարենք: Միթէ կը մտածե՞նք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի յառաջիկայ տարին «չգերազանցէ» նախորդը: Մեր անձին հետ կ՛ուզե՞նք մտերմիկ, սակայն անկեղծ հանդիպում մը ունենալ: Արդեօ՞ք պատրաստ ենք մեզի խորթ ու վատ թուող էջը դարձնելու: Պատրա՞ստ ենք Նոր տարին դիմաւորելու: Միայն տօնակատարութիւններով, հանդիսութիւններով ու սիրոյ սեղաններո՞վ կ՛ուզենք տարին փոխել, թէ՞ կ՛ուզենք, որ մենք ալ փոխուինք:
Ինչպէս որ որեւէ հաստատութիւն, կազմակերպութիւն կամ ընկերութիւն Նոր տարուան սեմին հաշուետուութիւն կը կատարէ իր գործունէութեան, շահերուն եւ կորուստներուն վրայ, այնպէս ալ մենք քանի մը ժամուան համար մեր անձին հետ դատաւորի ակնոցով անկեղծ հանդիպում մը ունենանք տեսնելու համար, թէ մենք ի՛նչ ըրինք անցնող տարուան ընթացքին: Ինչպէս որ որեւէ ընկերութեան տնօրէն Նոր տարուան շեմին ինքզինքին հարցումներ կ՛ուղղէ, ինչպէս` «Ի՞նչ ընեմ», «Ի՞նչ կրնայի ընել եւ չըրի անցնող տարուան ընթացքին», «Ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ աւելի յաջող եւ արդիւնաբեր գործունէութիւն ունենամ», այնպէս ալ մենք` իբրեւ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած մարմիններուն տնօրէնները եւ վերակացուները, մենք մեզի հաշուետուական հարցումներ ուղղենք, ինչպէս` «Արդեօք ես կրցա՞յ Աստուծոյ կողմէ ինծի տրուած ժամանակը արժեւորել», «Միթէ սնունդ տուի՞ իմ հոգիիս», «Յիշեցի՞ իմ Աստուածս», «Աշխատեցա՞յ բան մը սորվելու համար»… Իբրեւ մեր մարմիններուն տնօրէններն ու վերակացուները` Նոր տարուան այս վերջին օրերուն փնտռենք մեր սխալները, մեր մոլութիւնները, մեր վատ սովորութիւնները եւ մեր թերութիւնները, որպէսզի կարողանանք ըստ կարելւոյն զանոնք չկրկնել յառաջիկայ տարուան ընթացքին:
Դեկտեմբեր ամսուան այս վերջին օրերը մարտահրաւէրի կոչ մը կը կատարեն իւրաքանչիւր քրիստոնեայի: Մարտահրաւէր մը, որ կ՛ենթադրէ քաջութիւն հայելիին դիմաց կանգնելու: Մարտահրաւէր մը, որ կը պահանջէ քաջութիւն մենք զմեզ քննելու եւ զննելու: Մարտահրաւէր մը, որ կ՛ենթադրէ առաւել ճիգ Աստուծոյ կողմէ մեզի պարգեւուած ժամանակը ըստ կարելւոյն արժեւորելու:
Ի՞նչ կը նշանակէ Նոր տարի քրիստոնեային համար: Քրիստոնեային համար Նոր տարին միայն թիւի կամ օրացոյցի փոփոխութիւն չէ: Քրիստոնեային համար Նոր տարի կը նշանակէ նո՛ր կեանք, նո՛ր սիրտ, նո՛ր մարդ եւ նո՛ր հոգի, որովհետեւ Աստուած ամէն Ամանորի մեզի նո՛ր սիրտ, նո՛ր կեանք եւ նո՛ր հոգի կու տայ (Եզեկիէլ 36. 26-27), այլ խօսքով, վերածնունդ կու տայ, առիթ կու տայ մեր վրայէն թօթափելու ամէն տեսակի թերութիւն եւ մեղք, որոնք արգելք կը հանդիսանան մեր փրկութեան: Առիթ կու տայ մեր սիրտերը մաղէ անցընելու, որպէսզի պատեհ առիթը ունենանք զինք դէմ առ դէմ տեսնելու (Մատթէոս 5. 8): Առիթ կու տայ ինքնաքննութեան ու ինքնաճանաչողութեան: Առիթ կու տայ մեր հոգիներուն ծարաւը իրմո՛վ յագեցնելու (Սաղմոս 143. 6): Առիթ կու տայ մեր դժուարութիւնները իրմո՛վ դիմագրաւելու: Քրիստոնեային համար ամէն օր հին տարին կ՛աւարտի եւ յաջորդ օրը նոր տարին կը սկսի: Այսինքն ամէն իրիկուն քրիստոնեան պէտք է ինքզինք ինքնաքննութեան ենթարկէ: Ամէն գիշեր պէտք է հաշուետուական հարցումներ ուղղէ ինքզինքին, օրինակ` «Ի՞նչ սխալ գործեցի այսօր», «Ի՞նչ բարիք կատարեցի այսօր», «Ի՞նչ կրնամ ընել վաղը, որպէսզի Աստուծոյ աչքին հաճելի դառնամ», «Ինչպէ՞ս կրնամ արժեւորել Աստուծոյ կողմէ ինծի վստահուած ժամանակը» եւ այլն: Ահաւասիկ քրիստոնեան այս մտածումներով պէտք է դիմաւորէ բացուող արշալոյսը` նոր օրը, ամէնօրեա՛յ նոր տարին:
Երբ Նոր տարուան մեր առատ սեղաններուն նայինք, գոհութիւն տանք Աստուծոյ Իրեն կողմէ մեզի մատուցուած բազմազան պարգեւներուն համար: Երբ նայինք մեր տան մէջ զարդարուած Կաղանդի կամ Ս. Ծննդեան ծառերուն, յիշենք, որ մարդիկ կան, որոնք ծառ չեն գտներ, որպէսզի անոր շուքին տակ նստելով` ձերբազատին արեւուն տաքութենէն: Երբ Նոր տարին մեր տան մէջ դիմաւորենք, գոհութիւն ու փառք տանք Աստուծոյ` յիշելով, որ այդ վայրկեանին շատեր կան, որոնք նոյնիսկ ջերմ սենեակ մը չունին, որպէսզի անոր մէջ Նոր տարին դիմաւորեն: Յիշենք, որ մարդիկ կան, որոնք երդիք մը չունին իրենց գլուխներուն վրայ: Յիշենք, որ մարդիկ կան, որոնք կտոր մը հաց չունին, որպէսզի կշտանան: Այո՛, ճիշդ է, որ մեր տնտեսական մակարդակը փոխուեցաւ անցնող տարիներուն ընթացքին, այդ իսկ պատճառով ուտելիքի բազմաթիւ տեսակներ, որոնք անցեալին մեր ամէնօրեայ սեղաններուն մաս կը կազմէին, վերացած են այսօր, սակայն փառք տանք, որովհետեւ մարդիկ կան, որոնք ո՛չ միայն ուտելիք չունին, այլեւ սեղան չունին, որպէսզի անոր վրայ ճաշակեն իրենց հանապազօրեայ հացը: Սակայն փառք տալով չբաւարարուինք: Փորձենք մեր Նոր տարուան սեղանէն նոյնիսկ փոքր բաժին մը յատկացնել կարօտեալներուն, անօթիներուն, ծարաւներուն, որբերուն եւ տնանկներուն: Այսպիսով, մենք կը կարողանանք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով փառք տալ Աստուծոյ:
Քրիստոնեային համար Նոր տարուան ծառը սովորական ծառերէն տարբեր ու վեհ իմաստ մը ունի: Անիկա կը յիշեցնէ, որ Եդեմի պարտէզին մէջ գտնուող չարի ու բարիի գիտութեան ծառը (Ծնունդներ 2. 17) մարդկութեան մահ պատճառեց եւ մեր դիմաց մեղքի աշխարհը բացաւ, մինչ նոր ծառը, կենաց ծառը (Ծնունդներ 3. 24), կենաց փայտը` Քրիստոսի խաչափայտը եւ անոր պտուղը` Քրիստոս, մեզի անմահութիւն, մաքրութիւն եւ փրկութիւն ընծայեց:
Հայկական աւանդութեան համաձայն, Նոր տարուան գիշերը, մասնաւորապէս ժամը 12:00-ին, երբ Նոր տարուան փողը կը հնչէ, հայեր ընտանեօք կ՛ուղղուին իրենց թաղին եկեղեցին` Ամանորը աղօթքով դիմաւորելու համար: Իսկ երբ տուն կը վերադառնան, Նոր տարուան սիրոյ սեղանին շուրջ բոլորուած` Տէրունական աղօթքը կ՛արտասանեն, ապա կը սկսին իրենց ամանորեան ընթրիքը ճաշակել: Սիրելի՛ ընթերցողներ, այս աւանդութիւնը այս տարի եւս պահենք: Մեր առջեւ բացուող Նոր տարին աղօթքով դիմաւորենք, որպէսզի աստուածային օրհնութիւնն ու հովանին մեզի հետ ըլլան Ամանորի առաջին իսկ վայրկեանէն: Եթէ չկարողանանք հաւաքական աղօթք կատարել, յիշենք Քրիստոսի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Դուն երբ կ՛աղօթես, մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ» (Մատթէոս 6. 6): Մտնենք մեր սիրտերուն սենեակները եւ քանի մը վայրկեան խօսինք Աստուծոյ հետ` փառք տալով Անոր ամէն ինչի համար, խնդրելով, որ Անոր լոյսը միշտ մեզի եւ մեր ընտանիքներուն հետ ըլլայ այս Նոր տարուան ընթացքին, հայցելով առաւել ուժ, որպէսզի կարողանանք դիմագրաւել այս Նոր տարուան դժուարութիւնները: Այո՛, ճիշդ է, որ այս գործողութեան տեւողութիւնը միայն քանի մը վայրկեան է, սակայն անոր ազդեցութիւնը մենք պիտի տեսնենք մեր առջեւ բացուող Նոր տարուան բոլոր օրերուն ընթացքին:
Միշտ մտաբերենք, որ եթէ Աստուած Իր անսահման ողորմութենէն մղուելով` մեզի Նոր տարի կը պարգեւէ, այդ մէկը կը նշանակէ, թէ նպատակ մը կայ անոր ետին. Աստուած կ՛ուզէ, որ բան մը կատարէ մեր միջոցով: Ուստի մենք մեզի հարց տանք, թէ Աստուած ի՞նչ նպատակ ունի մեզ այս տարի եւս աշխարհին մէջ պահելով: Ի՞նչ կ՛ուզէ, որ ընենք այս Նոր տարուան ընթացքին: Ի՞նչ սպասում ունի մեզմէ` Իր զաւակներէն:
Սիրելի՛ հաւատացեալ ընթերցող, այս մտածումներով ընդունէ՛ Նոր տարին, որպէսզի 2023-ը քեզի համար դառնայ օրհնեալ, յաջող եւ արդիւնաբեր տարի մը` լի Աստուծոյ անմիջական ներկայութեամբ եւ աջակցութեամբ:
Անթիլիաս, Լիբանան



