Տօնական օրերու սեմին լիբանանցիներու հիմնական մտահոգութիւնը կեդրոնացած է երկրի տնտեսական, յատկապէս` ապրուստի կենցաղային պայմաններու ելեւէջին վրայ, ըստ ամերիկեան տոլարի սեւ շուկայի սակագինին: Արդարեւ, վերջին շաբաթներուն, եթէ ոչ վերջին օրերուն ամերիկեան տոլարին սակագինը զգալի մագլցում արձանագրեց` իրեն հետ «սլացնելով» սպառողական տարրական նիւթերու սակագիները: Գաղտնիք մը չէ, որ տոլարի սակագինին այս «մագլցումը» տնտեսականէն աւելի ունի քաղաքական շարժառիթներ ու հեռանկարներ եւ կը գործածուի իբրեւ քաղաքական ճնշումի անուղղակի միջոց` կարգ մը կարծր կեցուածքներու տէր կողմերը մղելու, որ սրբագրեն իրենց կեցուածքը: Այս իմաստով, դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլում ահազանգ հնչեցուց` թախանձագին խնդրելով շուտափոյթ լուծման դիմել տոլարին դիմաց լիբանանեան թղթոսկիի «գահավիժումին» գծով, այլապէս դեղորայքի մարզը կրնայ «փլուզումի» մատնուիլ` պատճառելով մարդկային կորուստներ:
Սակայն այս բոլորին խթան հանդիսացող առիթը Լիբանանի նախագահական անուղղակի ընտրապայքարի «երկունքն» է, որ շրջանցելով իր օրինական ժամկէտը զօրաշարժի մատնած է տեղական թէ արտաքին առնչակից կողմերը` շուտափոյթ լուծման յանգելու առաջադրանքով: Խորքին մէջ, ներքին ճակատի վրայ երկխօսութեան բացայայտ թէ քուլիսային փորձերը ցարդ ամուլ մնալով, հայեացքները սեւեռած են տօնական առիթներով շնորհաւորական այցելութիւններու «խորհրդակցութիւններէն» բխելիք սպիտակ ծուխի յոյսի նշոյլին ուղղութեամբ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի փորձէ քանի մը շաբթուան արձակուրդի տօնական մթնոլորտին մէջ անջատ ու հանգրուանային երկխօսութիւն կայացնել իրեն այցելող պատրաստակամ քաղաքական «հիւրերուն» հետ: Նմանապէս, քաղաքական առնչակից կողմեր իրենց տեղեկատուական եւ յարաբերական լծակները պիտի լարեն յաւելեալ քուէներ ապահովելու առաջադրանքով: Տակաւին, ցարդ պաշտօնապէս ներկայացած թեկնածու երեսփոխան Միշել Մուաուատ բացայայտօրէն յայտարարեց, որ յառաջիկայ երեք շաբթուան տօնական օրերը պիտի «օգտագործէ» ի սպաս իր թեկնածութեան:
Իսկ այլ կողմեր պիտի փորձեն «համոզել» իրենց «հովանաւորութիւնն ու զօրակցութիւնը» վայելող հաւանական թեկնածուները` զիջելու մէկը միւսին, միջին եզրի մը յանգելու հեռանկարով:
Իր կարգին, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը իր հիւրընկալելիք այցելուներու խօսակցութեանց մէջ «բանալի» դեր կրնայ կատարել` փորձելով համախմբել ու լիբանանեան միասնական ճակատ մը յառաջացնել` մեղմացնելով տուեալ կողմերուն միջեւ առկայ տագնապներն ու «թիւրիմացութիւնները»:
Նաեւ` Արտաքին Առումով
Բնականաբար, լիբանանեան այս խիստ կարեւոր թղթածրարի դասաւորման գծով անտարբեր չեն արտաքին կողմեր, թէեւ երեւութապէս անոնք ներկայիս «գերզբաղ» են արտաքին, միջազգային կարեւոր իրադարձութիւններով, ուր կազային խողովակներու կառուցման թէ հիւրընկալելի «կարկանդակէն իրենց ստանալիք շահաբաժինը» խիստ գրաւիչ ու ներգրաւող կը թուի: Փաստօրէն, Քաթարի մէջ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան հիւրընկալման «իրագործումը» կարեւոր կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ այդ փոքրիկ երկրի իմաստուն ղեկավարներուն` իրենց դերն ու վարկը ունենալու լիբանանեան թղթածրարի լուծման մէջ: Ու ասիկա առաջին փորձը չէ:
Նոյն ծիրին մէջ ուշագրաւ է Եգիպտոսի դրական կեցուածքը, որ իւրաքանչիւր պատեհ առիթի կը վերահաստատէ ի սպաս Լիբանանի իր զօրակցութիւնն ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը: Ասոր նորագոյն վարկածը բացայայտեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի` Եգիպտոսի մէջ իր ունեցած խորհրդակցութեանց արդիւնքներուն լոյսին տակ:
Նմանապէս, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն կը փորձէ տօնական թէ գերաստիճաններու առիթներով կայացած խորհրդակցութեանց ընթացքին Լիբանանի գծով կարեւոր տուեալ ձեռք բերել, որպէսզի ձեռնունայն չըլլայ Լիբանան նախատեսուող իր այցելութիւնը, որ առայժմ առկախուած է:
Իսկ Սպանիոյ եւ Իտալիոյ վարչապետներու Լիբանան նախատեսուող այցելութիւնները նոյնպէս կրնան որոշ մղում տալ նախագահական թղթածրարի եւրոպական «միջնորդութեան»:
Սակայն այս բոլորէն աւելի ուշագրաւը վերջերս Իրան-Սէուտական Արաբիա ճակատին վրայ արձանագրուած մեղմ կեցուածքն է, ուր Իրան պատրաստակամութիւն յայտնած է երկխօսութեան նստելու Սէուտական Արաբիոյ հետ` հրատապ հարցերու լուծման առաջադրանքով:
Բնականաբար կարելի չէ անտեսել երկու գերպետութեանց բեւեռները` Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ, որոնք դեսպանական թէ ընկերային կառոյցներու ճամբով իրենց «գաղտնաբառը» կը փոխանցեն պատկան կողմերուն:
Շարքը կ՛երկարի արտաքին կողմերու ախորժակներու «միջամտութեան», որ սակայն տօնական արձակուրդէն ետք կը յստականայ, թէ որքանո՛վ խոստմնալից ու գործնական յոյսի նշոյլ մը կարելի է սպասել այդ խորհրդակցութիւններէն:
Մինչ այդ, լիբանանցիք կը հետեւին տոլարի սակագինի ելեւէջի կէտերուն` փորձելով իրենց ապրուստի պայմանները «պատշաճեցնել» այդ սլաքի թիւերուն, նոյնիսկ ի գին ամանորեան տօնական ուրախ առիթներէն զրկանքին:


