ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանի իր գրասենեակին մէջ նախագահեց ընդլայնուած աշխատանքային նիստի` մասնակցութեամբ առողջապահութեան, ելեւմուտքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատարներուն: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան տօնական օրերու սեմին լիբանանցիներուն տրամադրուելիք նիւթական, դեղորայքի թէ այլ հրատապ օժանդակութեանց կարելիութիւններուն վրայ:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սըլիմ հրապարակեց որոշում մը, ըստ որուն 22 դեկտեմբերէն սկսեալ ցնոր տնօրինութիւն կը սառեցուին զէնք կրելու արտօնագիրները լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ: Այս որոշումէն զերծ կը մնան դիւանագիտական անձնակազմերու պատկան տարրեր, կուսակցապետներ, համայնքապետներ եւ յատուկ արտօնագիր կրող թիկնապահներ եւ անձնաւորութիւններ:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով կտրուկ կերպով մերժեց վերջերս որոշուած տուրքերը: Ան ելեւմուտքի նախարարէն պահանջեց անմիջապէս յետս կոչել տուրքերու այս որոշումը, որ կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ լիբանանցիի օրապահիկին վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ կեդրոնական դրամատան որոշումով թիւ 161 շրջաբերականի որոշումի կիրարկումը կ՛երկարաձգուի մինչեւ 31 յունուար 2023: Իսկ 151 շրջաբերականը` մինչեւ 30 յունիս 2023:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Աքիպիէ գիւղաքաղաքին մէջ վերջերս պատահած միջադէպի ընթացքին վիրաւորուած ՖԻՒՆԻԼ-ի իրլանտացի զինուորը «Համմուտ» հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» միջազգային օդակայան` բուժուելու նպատակով իր երկիրը տեղափոխուելու համար:
ՏԸՆՆԻԷԻ Հուիթա աւանին մէջ անծանօթներ կողոպտած են գոհարեղէններ եւ հինգ հազար ամերիկեան տոլարի գումար: Այս գծով ապահովական պատկան մարմիններ հետաքննութիւն բացած են:
ՔԱԹԱՐԻ մոնտիալին օգտագործուած փոխադրակառքերը խիստ հաւանական է, որ փոխադրուին Լիբանան եւ օգտագործուին լիբանանցիներուն կողմէ:


