Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի` Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ ճամբու` Լաչինի միջանցքի փակումը կրնայ լրջագոյն մարդասիրական հետեւանքներ ունենալ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել:
«Լաչինի միջանցքի փակումը կրնայ լրջագոյն մարդասիրական հետեւանքներ ունենալ եւ, անկեղծ ըսելով, կը դանդաղեցնէ խաղաղութեան հոլովոյթը: Մենք ուրախ ենք, որ վերականգնուած է դէպի Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարումը: Ինչպէս արդէն ըսի, ուժանիւթային ենթակառոյցներու մէջ խափանումները կրնան մարդասիրական ճգնաժամի յանգեցնել: Մենք կոչ կ՛ուղղենք կարելի եղածին չափ շուտ վերականգնելու միջանցքին ճամբով ազատ տեղաշարժը, իսկ ատոր ուղին բանակցութիւնն է», յայտարարած է Փաթել:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը հաւատա՞յ, որ մինչեւ տարեվերջ կողմերը պիտի ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիր, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալը խուսափած է ժամկէտներու մասին խօսիլ:
«Ասիկա հարց մըն է, որով, ինչպէս գիտէք, արտաքին գործոց նախարարը մեծապէս հետաքրքրուած է եւ շատ մեծ ուշադրութիւն կը յատկացնէ, արտաքին գործոց նախարարութեան միւս բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւս. այս հարցին մէջ մենք պիտի շարունակենք խորապէս ներգրաւուած ըլլալ եւ հասնիլ եզրափակիչ գիծին», ըսած է Վետանթ Փաթել:


