Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Այցելեցին ԳՈՀԱՐ Գրադարան

December 17, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ի եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ այցելեցին ԳՈՀԱՐ գրադարան, ուր անոնք դիմաւորուեցան գրադարանի պատասխանատու Կարօ Տէրունեանի կողմէ:

Արդիական եւ մասնագիտական այս գրադարանին մէջ «Ապագայ լրագրողներ»-ը ծանօթացան գիրքերու, յատկապէս երգարաններու, բառարաններու, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան տարբեր փուլերը յատկանշող գիրքերու լայն հաւաքածոյի մը:

Անոնք իմացան նաեւ, որ հազարաւոր գիրքեր պարունակող ԳՈՀԱՐ գրադարանին մէջ կան նաեւ մեծ թիւով ձայնասկաւառակներ եւ հսկայական արխիւ մը երգերու, զորս կարելի է ունկնդրել եւ անոնց ձայնանիշերը (նոթա) ստանալ:

Կ. Տէրունեան հետաքրքրական դրուագներ պատմեց իր պեղած ու գտած գիրքերուն մասին եւ անդրադարձաւ ամբողջ ազգի մը պատմութիւնը ներկայացնող այդ գիրքերուն ուղեւորութեան:

«Ապագայ լրագրողներ»-ը ծանօթացան նաեւ ԳՈՀԱՐ-ի կազմատան բաժանմունքին, ուր կը կատարուի գրադարանին հասած բոլոր գիրքերուն վերամշակումը` արհեստավարժ կերպով:

«Ապագայ լրագրողներ»-ը հետեւեցան այս բաժանմունքին մէջ կատարուող աշխատանքներուն եւ գիրք մը վերամշակելու ու զայն փճացումէ փրկելու ձեւերուն եւ հոլովոյթին:

ԳՈՀԱՐ գրադարանի պատասխանատուն մեծ սիրով պատասխանեց «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ուղղած հետաքրքրական հարցումներուն եւ անոնց նուիրեց ԳՈՀԱՐ համոյթի ելոյթի «Տի.Վի.Տի.»-ներէն օրինակներ:

 

Նախորդը

Իպրահիմ. «Յառաջիկայ Տարեսկիզբին Անցագիրներու Հարցը Պիտի Լուծուի»

Յաջորդը

Մահ` Նախկին Նախարար Եւ Երեսփոխան Մեթր Ժաք Չուխատարեանի

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.