«Աբրահամ Եւ Վերժին Ղօչախեան»
Սրահի Բացում
Երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար դատախազ Մոհամետ Մուրթատա այցելեց Համազգայինի Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ «Աբրահամ եւ Վերժին Ղօչախեան» սրահի բացում:
Սրահի մուտքին ժապաւէնի հատումէն ետք Համազգայինի «Քնար» պարախումբը հանդէս եկաւ պարով մը, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար` Ճենի Գոլոյեան: Ապա Գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտ Սելլա Սվաքճեան արաբերէն լեզուով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց յայտագիրի ընթացքը: Այնուհետեւ Մոհամետ Մուրթատա շրջեցաւ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ ու մօտէն ծանօթացաւ բաժանմունքներուն եւ հոն ծաւալած գործունէութեան: Անկէ ետք ներկաները ուղղուեցան «Արմէնեան» սրահ, ուր գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը:
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական պատասխանատու Գէորգ Քէշիշեան անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բացատրեց, որ 1915 թուականին հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուելով` տեղահան եղաւ իր հայրենիքէն եւ ցրուեցաւ աշխարհի տարածքին, աւելցնելով, որ Լիբանանը եղաւ այն երկիրներէն մէկը, որ ընդունեց հայերը: Քէշիշեան նկատել տուաւ, որ տարագիր հայ ժողովուրդը իրեն հետ կրցաւ բերել միայն իր լեզուն եւ մշակոյթը, որ չի կրնար քանդուիլ կամ ջնջուիլ, աւելցնելով, որ այդ ժամանակաշրջանին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը քաջ գիտակցելով, որ լեզուն եւ մշակոյթը ամենակարեւոր բաներն են սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը պահելու համար, 1928-ին Գահիրէի, իսկ 1930-ին Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հիմնեց Համազգային մշակութային կազմակերպութիւնը, որմէ ետք Համազգայինը սփռուեցաւ աշխարհի չորս դին եւ ներկայիս ունի աւելի քան 18 մասնաճիւղեր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:
Շարունակելով իր խօսքը` Քէշիշեան պատմական ակնարկ մը նետեց 1980-ին Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» եւ 2005-ին Անթիլիասի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոններու հիմնադրութեան, նաեւ` անոնց յարկին տակ գործող մասնագիտացած մասնաճիւղերուն եւ դպրոցներուն վրայ:
Եզրափակելով իր խօսքը, Գէորգ Քէշիշեան Համազգայինի մեծ ընտանիքին անունով գոհունակութիւն յայտնեց մշակոյթի նախարարին «Լեւոն Շանթ» կեդրոն այցելութեան համար` հաստատելով անոր հոգատարութիւնը եւ նեցուկ կանգնիլը լիբանանեան մշակոյթին եւ անոր յարատեւութեան: «Ձեր այցելութեամբ դուք մեզ պատուեցիք եւ արժեւորեցիք մեր դժուար աշխատանքը ներկայ դժուար ժամանակաշրջանին, որ կը դիմագրաւէ Լիբանանը: Համազգայինը, ըլլալով Լիբանանի մէջ գտնուող մշակութային հին կեդրոններէն մին, կը փափաքի գործակցիլ մշակոյթի նախարարութեան հետ` ապագային մեր կապերը զօրացնելով եւ, ձեր տուած խոստումին համաձայն, MOU ստորագրելով երկու հիմնարկներու միջեւ, նաեւ մեր վկայականներուն վրայ ունենալով գնահատանքի վկայական` մշակոյթի նախարարութեան կողմէ», ըսաւ Գէորգ Քէշիշեան:
Այնուհետեւ ջութակի աւագ ուսուցիչ Արմէն Ճէնտէրէճեան եւ դաշնակի ուսուցչուհի Վերոնա Ռուսիալեան մեկնաբանեցին երաժշտական կտոր մը, որմէ ետք Քեւըն Եուսեֆ դաշնակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը, ապա տհոլի վրայ ելոյթ ունեցան Նարեկ Քէշիշեան եւ Վարանդ Կիրակոսեան:
Մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա իր արտասանած խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց իր այցելութեան համար` շեշտելով, որ ինք պատուըուած կը զգայ այս այցելութեամբ եւ հաստատեց, որ ուշացած է այցելելու հայկական գաղութը, որ մեծ նշանակութիւն ունի իրեն համար: Ան նկատել տուաւ, որ մշակոյթի նախարարութիւնը կեդրոնացած էր Այնճարի վրայ, որովհետեւ հոն բնակող հայերը, նաեւ լիբանանահայութիւնը շատ ըսելիք ունին մեզի: Նախարարը հաստատեց, որ Լիբանանի մշակոյթը զարգացաւ 1920-ին հայութիւնը հոս հաստատուելէն ետք, շեշտելով, որ հայութիւնը Լիբանանի կարեւոր տարրերէն մէկն է, եւ անոր կարեւորութիւնը այն է, որ հակառակ Ցեղասպանութեան, զուլումի, աքսորի ենթարկուելուն` շարունակեց գոյատեւել իր մշակոյթով: Նախարարը շեշտեց, որ հայ ազգը 20-րդ դարու ամէնէն աւելի տառապանքի ենթարկուած ժողովուրդներէն մէկն է, աւելցնելով, թէ ան, որ չարչարանքի կ՛ենթարկուի, առաւել եւս թափով կը պատրաստուի գոյատեւելու ու յառաջդիմելու, եւ այս մէկը արդար վկայութիւն է հայութեան հասցէին: «Ձեր ներդրումը մեծ է Լիբանանի մէջ, եւ մենք շատ ուրախ ենք ձեզմով», շեշտեց նախարարը. ան նաեւ ըսաւ, որ հայութիւնը կառչած է պետութեան, որ բոլորին համար է, նաեւ հաստատեց, թէ հայութիւնը միակ ազգը եղաւ Լիբանանի մէջ, որ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մերժելով վատ արարքները` իր ձեռքը չպղծեց արիւնով:
«Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած է օգտուիլ ձեզմէ կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Եթէ դուք մեզի հետ գործակցիք, մենք է, որ պիտի օգտուինք ձեզմէ, որովհետեւ դուք արդէն բաւական ճամբայ կտրած էք: Կ՛ուզեմ, որ ձեր մշակոյթը Պուրճ Համուտէն եւ Այնճարէն դուրս ելլէ եւ հասնի մինչեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ, Սանայեհ, որպէսզի ամէն մարդ տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս հայութիւնը, ամէն տեսակ չարչարանքներու ենթարկուելով հանդերձ, տակաւին կը գոյատեւէ եւ ունի բարձր մշակոյթ», շեշտեց Մուրթատա եւ բարձրօրէն գնահատեց հայութեան կապուածութիւնը իր արմատներուն, անցեալի բարքերուն, սովորութիւններուն, լեզուին եւ մշակոյթին:
Աւարտին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեան յուշանուէր մը յանձնեց մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար դատախազ Մոհամետ Մուրթատայի, բարերարի ընտանիքին` յանձինս Լեւոն Ղօչախեանի, որ իր կողմէն Համազգայինին յանձնեց բարերար ամոլին ուղղուած շնորհակալական նամակ մը, նաեւ` բարերար Սելլա Թնճուկեանին: Յայտնենք, որ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ, բարերարութեամբ Յակոբ եւ Սոնիա Ղօչախեան ամոլին, առ ի յիշատակ իրենց ծնողաց` Աբրահամ եւ Վերժին Ղօչախեաններու, ամբողջական բարենորոգութեան ենթարկուած է կեդրոնի պարի ուսուցման սրահը, որուն իրագործման մէջ իր հիմնական ներդրումը բերած է Սելլա Թնճուկեան:
Յակոբ Ղօչախեան ծնած է Պէյրութ, ապա գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր այժմ իր կնոջ հետ կ՛ապրի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Ան տպաւորուած է մօրը` Վերժին Ղօչախեանի տարած աշխատանքներէն, որ շատ կարեւոր կը նկատէր հայ դպրոցի գոյութիւնը եւ ճիգ չէր խնայեր անոր օգտակար ըլլալու: Մօրը օրինակին հետեւելով` ան նուիրուած է հայ լեզուին, դպրոցին ու եկեղեցիին: Ամէն տարի քառասուն համալսարանական ուսանողներ առիթը կ՛ունենան իրենց ուսումը շարունակելու` շնորհիւ իր կողմէ ապահովուած թոշակներու: Միաժամանակ Յակոբ Ղօչախեան մեծագումար նուիրատուութիւններ կը կատարէ հայկական վարժարաններու եւ կազմակերպութիւններու: Ան եկեղեցասէր անձ մըն է: Ամէն կիրակի իր ծառայութիւնը կը մատուցէ Հայ եկեղեցիին` սարկաւագի դերը կատարելով խորանէն: Ազնիւ եւ մեծահոգի այս հայուն միակ փափաքը իր ժողովուրդին ու հայրենիքին վերելքը տեսնելն է: Ան իր սիրելի սաներուն միշտ կ՛ըսէ. «Ձեր յաջողութիւնը իմ վարձատրութիւնս է», յուսալով, որ օր մը անոնք իրենց ստացածը պիտի վերադարձնեն իրենց ժողովուրդին` իրենց կարգին անոր ծառայելով:







