Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի:
Նիստին ընթացքին շարունակուեցաւ Քեփիթըլ քոնթրոլի օրէնքին քննարկումը:
Պու Սաապ հաստատեց, որ քննարկումները եղած են խոր, եւ կան տուեալներ, որոնք փոխուած են Քեփիթըլ քոնթրոլի ծրագիրի քննարկումը սկսելէն ի վեր:
Պու Սաապ ընդգծեց, որ իրենք ստիպուած են նկատի ունենալ փոփոխութեան ենթարկուած տուեալները, որոնց շարքին կատարուած են բացառութիւններ` դրամատնային փոխանցումներու եւ դրամի ստացումի վերաբերեալ:
Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ դրամատնային փոխանցումները սահմանափակուած են Լիբանանի մէջ չգտնուող բժշկական վիրահատութիւնները օտար երկիրներու մէջ կատարելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն դուրս համալսարաններ յաճախող լիբանանցի ուսանողներուն յատկացուելիք գումարներով: «Տակաւին կայ կէտ մը, որուն շուրջ քննարկումը կը շարունակուի, եւ անիկա կը վերաբերի Լիբանանի մէջ բուժման ենթարկուող եւ ուսանող քաղաքացիներուն նիւթական փոխանցումներ կատարելու հաւանականութեան», շեշտեց ան:
Պու Սաապ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ համալսարաններն ու դպրոցները պահպանելը կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել երկրին կրթական մարզը:
Պու Սաապ նշեց, որ Քեփիթըլ քոնթրոլի օրէնքին ընդմէջէն պիտի սերտուի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը եւ հաւասարութիւնը:
Ան շեշտեց, որ հերքաթը ընդունելի չէ իրենց համար` աւելցնելով, որ նախքան Քեփիթըլ քոնթրոլի օրէնքը խորհրդարանի լիագումարին ներկայացնելը, իրենք պիտի ջանան դրամատուներու վերակազմաւորումը իրականացնել:
Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ Քեփիթըլ քոնթրոլի օրէնքը քննարկելու յաջորդ նիստը տօներէն ետք պիտի գումարուի:
Պու Սաապ նաեւ յայտնեց, որ ինք այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` նշելով, որ եթէ ինք կարենայ Պըրրիի եւ հզօր Լիբանան համախմբումին միջեւ տեսակէտներու մերձեցում կատարել, ապա պիտի չվարանի եւ ճիգ պիտի չխնայէ:


