Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաներու սենտիքային մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմի:
Պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ իրենք այս հանդիպումը կ՛ունենան բաց սրտով` աւելցնելով, որ իրենց նպատակը հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը վտանգի ենթարկել չէ, այլ` ծառայել լիբանանցիներուն եւ հաղորդակցութեան մարզին կարելիութիւններն ու եկամուտը ընդարձակել:
Պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ պաշտօնեաներուն պահանջածը չնչին յաւելում մըն է, որ կը պահանջուի 2018-էն ի վեր` աւելցնելով, որ Քըրըմ իր կարգին յանձնառու է այս մարզի զարգացումին:
Պատուիրակութիւնը ընդգծեց, որ իրենք բաց են բոլոր լուծումները ընկալելու, պայմանով որ կարելի ըլլայ պահպանել հաղորդակցութեան մարզին եւ անոր պաշտօնէութեան իրաւունքները:
Պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ իրենք լաւատես են պէտք եղած լուծումներուն յանգելու առումով:


