Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժես Պէյրութը, անկէ կրեց 97-78 արդիւնքով պարտութիւն մը (19-25, 24-19, 17-28 եւ 18-25):
Մինչ Պէյրութ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` յաջորդական ութ յաղթանակէ ետք, անդին Սաժես Պէյրութ մնաց ցարդ անպարտելի միակ կազմը` արձանագրելով տարեշրջանի իր 9-րդ յաղթանակը:
Քենեթ Շերոթ Հէյզ (Պէրութ) նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտը (29), մինչ անոր խմբակից Քենեթ Հորթըն նշանակեց 16 կէտ:
Սաժեսէն Քլիֆ Ալեքսանտր տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (24 կէտ, 17 ռիպաունտ), Քերուին Ռոչ նշանակեց 24 կէտ, մինչ Սաժեսի խմբապետ Ալի Մըզհեր` 23 կէտ:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապահ Նուժէյմ, Զիատ Թաննուս եւ Փոլ Սըքայյեմ:
10-րդ հանգրուանի մրցումներուն Սաժես Պէյրութ հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատի Պէյրութի:


