Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրաժարեցաւ ազգային խումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին համար Զինետտին Զիտանը նշանակելու գաղափարէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական հանրածանօթ օրաթերթերէն «Լը Փարիզիեն»-ը:
Նշուեցաւ, որ Ֆրանսայի այժմու մարզիչ Տիտիէ Տեշան երկու տարի եւս պիտի գլխաւորէ հաւաքականը` իր պաշտօնին վրայ մնալով մինչեւ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտը:
54 տարեկան Տեշան, որ հաւաքականին մարզիչն է 2014-էն ի վեր, Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր մինչեւ 2022-ի Մոնտիալին աւարտը:
Տեշանի գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի կազմը 2016-ին հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան, 2018-ի Մոնտիալին` աշխարհի ախոյեան, իսկ 2021-ին` «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Նշենք, որ անոր կազմը վաղը` չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբերին բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ 2022-ի Մոնտիալի կիսաւարտականին ճակատի Մարոքի դէմ:


