Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Աթլասի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են անվճար փոխադրակառքեր, որոնք յետմիջօրէի ժամը 15:45-ին, Պուրճ Համուտէն, Ֆանարէն եւ Ռաուտայէն պիտի ուղղուին Մըզհեր:
Երկու յաղթանակ արձանագրած եւ եօթը պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը (11 կէտ), իսկ երեք յաղթանակ արձանագրած եւ վեց պարտութիւն կրած Աթլաս` 9-րդ դիրքը (12 կէտ):


