Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերող աշխատանքները կը շարունակուին: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան` անդրադառնալով խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ Ազրպէյճանի առաջարկներուն, որոնք փոխանցուած էին հայկական կողմին:
«Բնագիրին վրայ կը շարունակենք աշխատիլ, եւ մեր կողմէ խմբագրուած տարբերակը շուտով կը փոխանցուի Ազրպէյճանին», ըսաւ Գրիգորեան` աւելցնելով, որ հայկական կողմը իր բոլոր ջանքերը կը ներդրէ, որպէսզի մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքուի:
«Հայաստանը` ի դէմս իշխանութեան, իր բոլոր ջանքերը ներդրած է, որպէսզի կարենանք ունենալ խաղաղութեան համաձայնագիր: Հիմա աւելի մօտիկ ըլլալով տարեվերջին` դժուար է ըսել, որ կը յաջողինք, բայց պիտի շարունակենք աշխատիլ, եւ աշխատանքներու արդիւնքներէն կախուած է այդ ամէնը», նշեց Գրիգորեան:
Անդրադառնալով Արցախի հիմնահարցին` Գրիգորեան միայն ըսաւ, որ տակաւին վերջնական որոշումը չկայ` խաղաղութեան համաձայնագիրո՞վ պիտի լուծուի Արցախի տագնապը, թէ՞ առանձին միջազգային գործիքակազմ պիտի ստեղծուի:
«Ուաշինկթընի մէջ համաձայնութիւն կար ստեղծել միջազգային մեքանիզմ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը եւ Ազրպէյճանը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը: Մինչեւ այս պահը այդ մեքանիզմի մասին յստակութիւն չկայ: Նաեւ յստակութիւն չկայ խաղաղութեան համաձայնագիրո՞վ այդ պիտի կատարուի, թէ՞ խաղաղութեան համաձայնագիրէն դուրս: Երեւանը կողմ է անվտանգութեան երաշխիքներու ստեղծման, կողմ է, որպէսզի մեքանիզմ ստեղծուի, քննարկում տեղի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ իրաւունքներու եւ անվտանգութեան վերաբերեալ», եզրափակեց Գրիգորեան:


