Ուաշինկթըն կը շարունակէ աշխատիլ բազմաթիւ մարդասիրական հարցերու լուծման ուղղութեամբ, ներառեալ պատերազմական գերիներու վերադարձը, անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրներու յստակեցումը եւ այլն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեանի հետ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումի ժամանակ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով փոխտեղակալ Էրիքա Օլսըն:
Ըստ Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակին, պաշտպանը ներկայացուցած է այն դժուարութիւններն ու ապրումները, զորս կ՛ապրին գերիներու ընտանիքները` նկատի ունենալով նաեւ տեղեկատուական սադրիչ միջավայրը, որ կը ստեղծուի ազրպէյճանական կողմէն:
Քրիստինէ Գրիգորեան փոխտեղակալին ներկայացուցած է արտակարգ զեկուցումները, որոնց մէջ փաստագրուած եւ վերլուծուած են 13-14 սեպտեմբերի ազրպէյճանական յարձակումին ընթացքին եւ ատկէ ետք տեղի ունեցած մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումները, յարձակումի ենթարկուած համայնքներուն մէջ ապրող մարդոց մարդասիրական խնդիրները, պատերազմական յանցագործութեան փաստերը` կարեւոր նկատելով կատարուած յանցանքներուն համար պատասխանատուներու պատասխանատուութեան ու պատիժի անխուսափելիութեան հարցը` անկախ անկէ, թէ ի՛նչ ազգութիւն ունի յանցագործը, նշուած է Մարդկային իրաւանց պաշտպանի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:


