Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

December 8, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Թադէոս Եւ Ս. Բարթուղիմէոս Առաքեալներու Նախատօնակ` Մայրավանքին Եւ Դպրեվանքին Մէջ

Ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2022-ին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ մեր եկեղեցւոյ առաջին լուսաւորիչներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներուն նախատօնակը` նախագահութեամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերու:

Այս առիթով Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` լուսաւորիչ առաքեալներուն նուիրուած, նախագահութեամբ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի եւ մասնակցութեամբ դպրեվանեցիներուն:

Մասնակցութիւն` KAICIID-ի Կազմակերպած «Կիներ` Երկխօսութեան Համար» Փակման Ծրագիրին

Ապտալլա Բ. թագաւորի Միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին (KAICIID) կազմակերպած «Կիներ` երկխօսութեան համար» (Հիյա լիլ Հիուար – She For Dialogue) ծրագիրը Լիզպոնի մէջ կայացուց իր երրորդ եւ վերջին փուլը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակից Արազ Գոճայեանը, հետեւելէ ետք միամեայ ծրագիրին եւ լիբանանեան մակարդակի վրայ կիրարկելէ ետք ձեռք բերուած գիտելիքներն ու հմտութիւնները, աւարտեց ծրագիրը եւ ստացաւ վկայական:

Միջկրօնական եւ միջեկեղեցական երկխօսութեան նպաստող զանազան ծրագիրներու ծիրին մէջ, KAICIID, համագործակցաբար արաբական աշխարհին մէջ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան միջկրօնական հարթակին (IPDC)-ին, առաջին անգամ ըլլալով կը ձեռնարկէ կիներու դերակատարութիւնը զարգացնող եւ ամրապնդող ծրագիրի մը: Այս ծրագիրին նախաքայլին արաբական աշխարհի հինգ երկիրներէ` Սէուտական Արաբիայէն, Իրաքէն, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն, մասնակից քաղաքական եւ կրօնական ոլորտներու մէջ կին գործիչներ հետեւեցան միամեայ ծրագիրի` ունենալով երեք հիմնական հանդիպումներ, որոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ առցանց (մայիս 2021-ին), երկրորդը` Յորդանանի մէջ (25-29 մարտ 2022-ին) եւ երրորդը` Փորթուգալի (13-17 նոյեմբեր 2022-ին):

Վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ 17 նոյեմբերի երեկոյեան, ներկայութեամբ` Փորթուգալի մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններու, պատկան մարմիններու, KAICIID-ի տնօրէնութեան եւ բարեկամներու: Խօսք առին կեդրոնի ծրագիրներու տնօրէն Տաւիտ Քափեչչի եւ Արաբական աշխարհի ծրագիրներու վարիչ Ուասիմ Հատտատ:

Նշենք, որ նախքան Լիզպոն մեկնիլը` Գոճայեանն ու Լիբանանէն այլ չորս մասնակիցներ Մեթնի եւ Սայտայի մէջ կազմակերպեցին երկրօրեայ վարժանիստեր, մասնակցութեամբ` Հայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու, սիւննի, շիի եւ տիւրզի համայնքներու, 19-25 տարեկան երիտասարդներու, իսկ Պէյրութի եւ Պաալպեքի մէջ` միջկրօնական երկխօսութեան մէջ գործօն անհատներու մասնակցութեամբ միօրեայ համագումարներ:

Մասնակցութիւն` «Լսել Արեւելքը» Խորագրեալ Միջազգային Միջեկեղեցական Գիտաժողովին

22-27 նոյեմբեր 2022-ին, կազմակերպութեամբ «Փրօ օրիանթէ»-ին (PRO ORIENTE) եւ Հռոմի «Անճելիքում» քահանայապետական համալսարանին (Pontifical University of Saint Thomas Aquinas, Angelicum), միջազգային միջեկեղեցական գիտաժողով մը գումարուեցաւ` «Լսելով Արեւելքը» խորագրեալ: Սոյն գիտաժողովին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Կարէն սրկ. Եօսուլքանեանը:

Գիտաժողովը կը միտէր, ինչպէս խորագիրը կը յուշէ, լսել Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն ժողովական տարբեր պատկերացումներն ու փորձառութիւնները: Այս մասին զեկոյցներ ներկայացուեցան Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու (հայ, ասորի, ղպտի, հապէշ, մալապար) եւ Ասորեստանի Արեւելեաններու (ասողիկ, հին արեւելեան) ներկայացուցիչներու կողմէն, ինչպէս նաեւ` տարբեր մասնագէտներու: Զեկոյցներուն եզրակացումները պիտի ներկայացուին կաթողիկէ սինոտական ծրագիրին, որ 2021-ին յառաջացած է Ֆրանսիս պապին կողմէ` երիտասարդացնելու համար Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կանոնն ու ժողովական հասկացողութիւնը:

Կարէն սարկաւագը զեկուցեց Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ երիտասարդներու մասնակցութիւնն ու իրաւունքը: Գիտաժողովին ներկայացուեցան նաեւ հայ եկեղեցւոյ Ազգային Ընդհանուր ժողովին ու սահմանադրութեան մասին, որուն ընդմէջէն խօսուեցաւ ժողովական հասկացողութեան,  կիներուն, երիտասարդներուն եւ ընկերութեան մէջ գործող զանազան խաւերու մասնակցութեան մասին:

Քննարկումներ եղան տարբեր ակնառու եւ ժամանակակից հրատապ երեւոյթներու շուրջ, որոնց համար կոչ ուղղուեցաւ գործունէութիւններ յառաջացնելու, որպէսզի ընտանիքի ու ընկերութեան բոլոր անդամներուն ձայները հասանելի դառնան  եկեղեցական կեանքին եւ իրաւունքներու պահպանումը կիրարկուի  ժամանակակից աշխարհին մէջ:

Նշենք, որ «Փրօ օրիանթէ»-ն հիմնուած է շուրջ վաթսուն տարի առաջ` բարելաւելու համար կաթողիկէ եւ ուղղափառ ընտանիքներուն փոխյարաբերութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Համազարկը Մհերի Եւ Եռաբլուրեան Ամբողջ Փաղանգի Յիշատակին, Կտակին Ու Պատգամին…*

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.