Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Քըրըմի Հետ Քննարկեց Հաղորդակցութեան Մարզին Վերաբերող Հարցեր

December 7, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմը, որուն հետ քննարկեց հաղորդակցութեան մարզի պաշտօնէութեան գործադուլին վերաբերող հարցեր:

Քըրըմ ընդգծեց, որ նախարարութիւնը ի վիճակի չէ ընդառաջելու բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն կողմէ ներկայացուած աշխատավարձի յաւելումներ կատարելու կամ ամսական աշխատավարձը ամերիկեան տոլարով վճարելու պահանջներուն:

Քըրըմ յայտնեց նաեւ, որ անդրադարձ կատարած են հաղորդակցութեան մարզը կասեցնելու հաւանականութեան` հաստատելով, որ պետական մարզերը կարմիր գիծեր են, եւ անոնց պէտք չէ մօտենալ: Ան նկատել տուաւ, որ իրենք պիտի սերտեն այս հարցը լուծելու օրինական միջոցները` աւելցնելով, որ պահանջներու իմաստով բոլոր պաշտօնեաները համակարծիք չեն: «Այս առումով «Ալֆա» ընկերութեան պաշտօնեաները գործադուլի մէջ են, մինչդեռ «Թաչ» ընկերութեան պաշտօնեաները իրենց սովորական աշխատանքը կը կատարեն, իսկ «Ալֆա» ճնշում կը բանեցնէ «Թաչ»-ի վրայ` մասնակցելու գործադուլին», ըսաւ Քըրըմ:

Ճոնի Քըրըմ հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու համար հաղորդակցութեան մարզը, սակայն ներկայիս նախարարութիւնը ի վիճակի չէ յաւելումներ կատարելու:

Միքաթի այցելեց նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ, որ վարչապետին հետ քննարկեց կենցաղային հարցեր, յատկապէս տնտեսական եւ քաղաքական խորք ունեցող խնդիրներ: Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է շարունակէ իր պատասխանատուութիւններու ստանձնումը` ժողովուրդի առօրեային վերաբերող հարցերը լուծելու համար:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդունեց նաեւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Սելիմ Զըհըննին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Զըհըննի պահանջեց անսալ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու պահանջներուն, որպէսզի ճարտարարուեստը իր դերակատարութիւնը չկորսնցնէ:

Զըհըննի պահանջեց ճարտարարուեստի մարզին պարտադրուած բեռը թեթեւցնել, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան ճարտարարուեստը քաջալերել:

 

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Մքերիի

Յաջորդը

«Կառավարութեան Գումարած Նիստը Ապօրինի Նիստ Է Եւ Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնին Դէմ Կանխամտածուած Գողութիւն» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.