Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Նաւը` «Տի Ալիւր Օֆ Տը Սի»

March 10, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճիշդ յիսուն տարիներ առաջ «Ֆրանսա» նաւը բոլոր պերճանաւերուն մէջ ամէնէն մեծն ու ամէնէն շքեղն էր: Այդ թուականէն ի վեր նման նաւերու շինութիւնը շատ յառաջացած է, եւ անոնք դարձած են իսկական փոքրիկ ծփացող քաղաքներ, որոնք կրնան հազարաւոր ճամբորդներ ընդունիլ:

Այժմ աշխարհի ամէնէն մեծ պերճանաւի տիտղոսը կը պատկանի «Տի ալլիւր օֆ տը սի»-ին: Ի՞նչ աւելի է գտնել այս հսկայական կառուցուածքին մէջ:

– Անիկա ծփալու գիծէն վեր 72 մեթր բարձրութիւն ունի: Ասիկա կը համապատասխանէ 20 յարկանի շէնքի մը բարձրութեան:

– Անիկա կրնայ ընդունիլ 5400 ճամբորդ եւ 3000 անձնակազմի անդամներ:

– Անիկա կեդրոնը ունի ֆութպոլի դաշտի մեծութեամբ բացօթեայ վայր մը:

– Անիկա ունի 16 կամրջակներ եւ 2700 սենեակներ, որոնք շքեղօրէն օժտուած են ամէնէն արդի տեսալսողական գործիքներով: Կարելի է հեռաձայնել, ֆաքս ղրկել, համացացը գործածել…

– Նաւը կը շրջի Պահամասի (Ֆլորիտայի մօտ կղզիներ) դրօշակը պարզած: Անիկա ունի 361 մեթր երկարութիւն, մինչ «Թայթենիք»-ի երկարութիւնը կը հասնէր 315 մեթրի, իսկ «Ֆրանսա»-ն ունէր 269 մեթր երկարութիւն:

Իսկական ծփացող քաղաք մը

Նաւը ունի մագլցելու 2 պատ, 600 տեղերով ջուրի թատրոն մը, չմշկումի դաշտ մը, լողաւազան, 6 ճաքուզի, ծովու վրայ ճոկինկի ամէնէն երկար ճամբան, կոլֆի պզտիկ դաշտ մը, տասնեակաւոր սրճարաններ եւ ճաշարաններ, ժողովի, համագումարի սրահներ, արդուկիչի սպասարկութիւն, սափրիչներ, հիւանդանոց մը, լումայափոխի գրասենեակ մը` դրամը տոլարի վերածելու համար, որովհետեւ այդ դրամանիշով է, որ նաւուն վրայի վճարումները կ՛ըլլան:

 

Հարցարան

Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ

1) Եթէ իրարու վրայ դնենք անջրպետանաւ մը քշել սորվեցնող բոլոր գիրքերը, կը ստանանք 300 մեթրէն աւելի բարձր դէզ մը:……………… Ճ/Ս

2) Աստղանաւորդներուն` լուսինին վրայ ձգած ոտքի հետքերը տեսանելի կը մնան մօտաւորապէս 5 տարի, որովհետեւ ո՛չ հով, ո՛չ ալ ջուր կայ զանոնք ջնջելու համար:……………… Ճ/Ս

3) Իր մահէն քիչ առաջ Կալիլէօ կուրցած էր, հաւանաբար որովհետեւ ան իր կեանքին ընթացքին շատ երկար ժամանակ հեռադիտակով դիտած էր արեւու լոյսը:………………… Ճ/Ս

4) Նափոլէոն կատուներէն շատ կը վախնար:…………….. Ճ/Ս

5) 1875 թուականին Ամերիկայի մէջ գիւտերը արձանագրելու գրասենեակին` «Եունայթըտ սթէյց փաթընթ օֆիս»-ին տնօրէնը յայտարարած էր, որ ստիպուած պիտի ըլլայ գրասենեակը գոցելու, որովհետեւ կը մտածէր, թէ հնարելու շատ բան չէր մնացած:……………………….. Ճ/Ս

6) 1899 թուականին պելճիքացի Ժենացի ժամական աւելի քան 100 քմ արագութեամբ կը քշէր ելեկտրականութեամբ բանող ինքնաշարժ մը:……………………. Ճ/Ս

7) Մրջիւն մը կրնայ զգալ նաեւ իր շօշափուկներով:…………………. Ճ/Ս

8) Ալիւրին մէջ որդեր չգոյանալու համար, պէտք է անօթին մէջ դնել դափնիի տերեւներ:……………. Ճ/Ս

9) Չե՞ս ուզեր, որ մժեղները գան եւ քունդ խանգարեն: Լուծումը շատ դիւրին է: Սենեակին սեղանի մը վրայ դիր հուսամ ծաղիկի պզտիկ փունջ մը, եւ մժեղները այլեւս ննջասենեակդ պիտի չմտնեն:……………… Ճ/Ս

10) Անտեան լեռնաշղթային վրայ ապրող Քեչուա հնդիկներուն արիւնը աւելի շատ է քան` միւս մարդոց մարմնին մէջի արեան քանակը:…………… Ճ/Ս

11) Հին յոյն եւ հռոմէացի այր մարդիկը միջին հաշուով կ՛ապրէին մօտաւորապէս 36 տարի:………………. Ճ/Ս

12) Մեղուներուն բզզոցը կը յառաջանայ անոնց թեւերէն:…………….. Ճ/Ս

13) Գետնախնձորը Եւրոպա ներածուած է 17-րդ դարուն: Այդ ժամանակաշրջանին զուգադիպած է կարգ մը փոխանցիկ հիւանդութիւններու վերայայտնումը: Հետեւաբար մարդիկ սկիզբը մտածած են, որ գետնախնձորն էր զիրենք հիւանդացնողը:…………………. Ճ/Ս

14) Քորենթ տեսակի խաղողի հատիկ մը, որ շամփանիայի գաւաթի մը մէջ կ՛իյնայ, անդադար ուղղահայեաց կերպով կ՛ելլէ եւ կ՛իջնէ գաւաթին մէջ:…………………… Ճ/Ս

15) 1960-1970 թուականներուն միջեւ 1-8 լիթր օդ կը մտցուէր գերմանացի ողիմպիական լուղորդներուն աղիքներուն մէջ:

Այս ձեւով այս մարզիկները աւելի լաւ կը ծփային ջուրին վրայ եւ աւելի արագ կրնային լողալ:…………………. Ճ/Ս

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ՝ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

 

ՈՎԿԻԱՆՈՍ ՄԸ`
ՀՐԱՏԻ ՎՐԱՅ

Դէպի Հրատ մոլորակը ղրկուած վերջին բոլոր անջրպետանաւերը ապացուցած են, թէ այս մոլորակին վրայ շատ ջուր գոյութիւն ունեցած է: Սակայն արդեօք ովկիանոս մը կազմելու բաւարար ջուր կա՞ր: Մեծ քանակով եւ երկար ժամանակի ընթացքին ջուրի ներկայութիւնը կրնայ փաստել, թէ Հրատ մոլորակին վրայ կեանքի գոյութիւնը կարելի եղած է:

Եւրոպական անջրպետանաւ մը, որուն վրայ ռատար մը զետեղուած էր, վերլուծած է մոլորակին խորերը գտնուող հողը: Այս ուսումնասիրութիւնը բացայայտած է, որ ընդարձակ ովկիանոս մը հաւանաբար կը ծածկէր Հրատի հիւսիսային կիսագունդէն մեծ մասը: Սակայն այս ովկիանոսը երկար չէ տեւած, որպէսզի անոր մէջ կեանք յառաջանար:

 

100

Մէյզի Կրիֆֆիթ մեծ մայրիկ մըն է, որ կ՛ապրի Աւստրալիոյ մէջ: Ան իր 100-րդ տարեդարձը տօնեց 13 փետրուարին… իր աղջկան տունը իր ինքնաշարժով երթալով:

Ան աշխարհի ամէնէն տարիքոտ վարորդն է: Ան ինքնաշարժ կը վարէ 1924 թուականէն ի վեր. ան ո՛չ արկած անցուցած է, ո՛չ ալ տուգանք ստացած է: Ան 12 տարեկանին սկսած է վարելու իր հօրը նոր ինքնաշարժը: «Ես կ՛ապրէի դպրոցէն 5 քմ հեռու, եւ ծնողներս մեզ կառքով դպրոց կը տանէին: Այս ինքնաշարժը իսկական յեղաշրջում մըն էր», կը յիշէ ան: 88 տարի ետք, ան շաբթուան ընթացքին նուազագոյնը տասը անգամ ինքնաշարժ կը վարէ:

 

60

Ժամական 60 քմ. ասիկա աշխարհի ամէնէն արագ վերելակին արագութիւնն է: Այս վերելակը շինած են ճափոնցիներ, որոնք կ՛աշխատին «Միցուպիշի Էլեքթրիք» ընկերութեան հաշուոյն:

Այս վերելակը պիտի հաստատուի Չինաստանի մէջ շինուող 632 մեթր բարձր «Շանկհայ թաուր»-ի մէջ: Վերելակը շատ մեծ արագութեամբ պիտի ելլէ եւ իջնէ: Սակայն անիկա նոյն ատեն օժտուած պիտի ըլլայ շատ հաստատուն արգելակելու նոր դրութեամբ մը:

Իսկ եթէ կ՛ուզէք այս վերելակը գործածել, պէտք է սպասէք 2014 թուականը:

 

28

28 սմ երկարութեամբ կարիդոս մը գտնուած է Նոր Զելանտայի մէջ (Ովկիանիա): Ընդհանրապէս նման կարիդոս մը 2-3 սմ երկարութիւն կ՛ունենայ: Մասնագէտները չեն գիտեր, թէ ինչո՛ւ այս մէկը այդքան մեծցած է: Անոնք կը մտածեն, որ ասիկա կրնայ կարիդոսի նոր տեսակ մը ըլլալ:

1980-ական թուականներուն Հաուայի մէջ (Խաղաղական ովկիանոս) 34 սմ երկարութիւն ունեցող կարիդոս մը նկարուած է, սակայն մարդիկ չեն կրցած զայն բռնել:

«Ասիկա մեզի պարզապէս կը փաստէ, թէ որքան մենք փնտռենք, աւելի բաներ կը գտնենք», կը բացատրեն գիտնականները:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել վերի նկարին հետ իւրաքանչիւր նկարի ունեցած երկու տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել գողցուած ապրանքներու տոպրակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել մարզիկին շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

1 – Ճ, 2 – Ս, 3 – Ճ, 4 – Ճ, 5 – Ճ, 6 – Ճ, 7 – Ճ, 8 – Ճ, 9 – Ս, 10 – Ճ, 11 – Ճ, 12 – Ճ, 13 – Ճ, 14 – Ճ, 15 – Ճ:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ


 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 10 մարտ 1962 )

Յաջորդը

Ռոբերտ Եսայեանի «Յիշողութեան Քարտէսը»

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.