Շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:15-ին, Պհամտունի դաշտին վրայ, Լեռնալիբանանի 4-րդ դասակարգի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ Սաատ Սաֆա Պարուքի դէմ:
Մրցումը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաղթանակով` 4-3 արդիւնքով: Անթոնի Քութենի նշանակեց երկու կոլ, Գօգօ Աւետիսեան` 1, Ղասսան Տըզպանի` 1:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիչն է Յակոբ Կիւլիւմեան:


