Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անակնկալներու Մոնտիալը Հսկայ Մը Եւս Հնձեց. Ը. Խմբակէն Հարաւային Քորէա Եւ Փորթուգալ Հասան Փլէյ Օֆերու Փուլ

December 3, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղանա – Ուրուկուէյ 0 – 2

«Ժունուպ» մարզադաշտին մէջ, 43.443  մարզասէրներու ներկայութեան, ուրուկուէյցիները  առաջին կիսախաղին երկու անպատասխան կոլ  նշանակեցին Ղանայի բերդին մէջ: Արազքայեթա  դարձաւ զոյգ կոլերուն հեղինակը: Բ. կիսախաղին  մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ: Ուրուկուէյ  կ՛ակնկալէր, որ յաղթանակը բաւարար պիտի ըլլար, որպէսզի հասնէր փլէյ օֆերուն, սակայն պատահեցաւ անսպասելին…

Հարաւային Քորէա – Փորթուգալ  2 -1

Մրցումը տեղի ունեցաւ «Էճուքէյշըն» մարզադաշտին մէջ, 44.097 մարզասէրներու ներկայութեան: Մրցումի 5- րդ վայրկեանին  Ռիքարտօ Հորթա գրաւեց Հարաւային Քորէայի  բերդը: 27-րդ վայրկեանին քորէացիները   հաւասարեցուցին հաշիւը:

Ա. կիսախաղը վերջ գտաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Սակայն մրցումին յաւելեալ վայրկեաններուն  Հարաւային Քորէա նշանակեց կոլ մը եւ 2-1  յաղթանակով հեռացաւ դաշտէն: Շնորհիւ այս   յաղթանակին եւ նշանակած կոլերու առաւելութեան  պատճառով քորէացիները անցան փլէյ օֆերուն: Ուրուկուէյ դուրս մնաց:

Ստորեւ` Ը. Խմբակի վերջնական դասաւորումը.

1- Փորթուգալ                         3 մրցում 6 կէտ
2- Հարաւային Քորէա           3  մրցում 4 կէտ
3- Ուրուկուէյ                        3  մրցում 4 կէտ
4- Ղանա                              3 մրցում 3 կէտ

 Գերմանիա Դուրս Մնաց-
Սպանիա Եւ Ճափոն` Յաջորդ Փուլ

Մոնտիալ  2022-ի Ե. խմբակի երրորդ օրուան  մրցումներուն Գերմանիոյ հաւաքականին  յաղթանակ անհրաժեշտ էր` յաջորդ փուլ անցնելու համար, զուգահեռաբար եթէ Ճափոն չյաղթէր Սպանիոյ:

Գերմանացիները «Պէյթ» մարզադաշտին մէջ, 67.054 մարզասէրներու ներկայութեան ` 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Քոսթա Ռիքան (կիսախաղ` 1-0 ), սակայն յաղթանակը ոչինչ բերաւ գերմանացիներուն, որովհետեւ Ճափոն-Սպանիա ճակատումը այլ «սենարիօ» մը պատրաստած էր Գերմանիոյ համար:

Ե. խմբակի երկրորդ հանդիպումը Ճափոնի եւ  Սպանիոյ միջեւ տեղի ունեցաւ «Խալիֆա Ինթըրնեշընըլ» մարզադաշտին մէջ, 44.851 մարզասէրներուն ներկայութեան: Սպանիա  նախապէս ապահոված ըլլալով փլէյ օֆի ուղեգիրը, գրեթէ անճանաչելի դարձած էր մարզադաշտին մէջ: Այսուհանդերձ, Ա. կիսախաղի 11-րդ վայրկեանին, Ալվարօ Մորաթա յառաջ մղեց սպանացիները: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ Սպանիոյ առաւելութեամբ` 1-0:

Բ. կիսախաղը սկսաւ Ճափոնի յարձակումներով: Անոնք երեք վայրկեաններու ընթացքին, 48-րդ եւ 51-րդ վայրկեաններուն երկու կոլ նշանակեցին Սպանիոյ բերդին մէջ: Ի դէպ, յայտնենք, թէ երկրորդ  եւ յաղթանակի կոլը բաւական վիճելի կոլ մըն էր: Կեդրոնական իրաւարարը չնկատեց, որ գնդակը  դաշտէն դուրս  ելլելէ  ետք փոխանցուած էր կոլ նշանակող մարզիկին: Կոլը հաստատուեցաւ: Սպանիա պարտուեցաւ: Գերմանիա դուրս մնաց  Մոնտիալէն:

1/8-րդ փուլին Ճափոնի հաւաքականը պիտի մրցի Խրուաթիոյ դէմ, Սպանիա` Մարոքի:

Շաբաթավերջին Մոնտիալի
Մրցումներուն  Յայտագիրը – 1/8-րդ Փուլ

ՇԱԲԱԹ, 3 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022

Հոլանտա ընդդէմ Միացեալ Նահանգներ`

ժամը 17:00

Արժանթին ընդդէմ Աւստրալիա`

ժամը 21:00

ԿԻՐԱԿԻ, 4 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022

Ֆրանսա ընդդէմ Լեհաստան`

ժամը 17:00

Անգլիա ընդդէմ Սենեկալ`

ժամը 21:00

 

Նախորդը

Օսթին Իր Թուրք Պաշտօնակիցին Փոխանցեց Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ցամաքային Ներխուժման Բուռն Ընդդիմութիւնը

Յաջորդը

Մոսկուա Ռուսիոյ Մէջ Ասատ-Էրտողան Հանդիպումի Կազմակերպման Վրայ Կ՛աշխատի

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.