Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Սոչիի Մէջ Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւններու Գործնական Իրականացումը

November 24, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը 22 նոյեմբերին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի Հայաստան այցելութենէն մէկ օր առաջ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը մէկ շաբթուան ընթացքին իր տեսակին մէջ երրորդն է:

«Քննարկուած են 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ, ինչպէս նաեւ մինչ այդ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործնական իրականացման հարցերը», կը հաղորդէ Քրեմլին:

Ռուսական կողմը կը շեշտէ, որ անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի անվտանգութեան` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու:

«Ընդգծուած է եռակողմ ձեւաչափով աշխատանքները շարունակելու կարեւորութիւնը` հայ-ազրպէյճանական սահմանի անվտանգութիւնը ապահովելու, Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային ուղիները բանալու ուղղութեամբ», նշուած է Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդ անգամ Ալիեւն ու Փութինը զրուցած էին հինգշաբթի օր` ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ: Զրոյցէն ետք երկու կողմերն ալ հրապարակած էին կարճ հաղորդագրութիւն մը, ուր որեւէ բառ չկար Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կամ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ:

Նախորդը

ՄԱԿ Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Հայաստանին` Խաղաղապահութեան Գործին Մէջ Ունեցած Ներդրումին Համար

Յաջորդը

«Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Մեր Դրացիներն Են, Մենք Երբեք Չենք Կարգաւորած Յարաբերութիւնները Մէկ Կողմի Հետ` Ի Վնաս Միւսին» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.