Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Տաղանդաւոր Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Եւ Իր «Դրախտի Դարպասը» Լիբանանի Մէջ

November 24, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին հրաւէրով երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2022-ին Լիբանան հասաւ հայրենի տաղանդաւոր բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ «Մուսա լեռ» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը. ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Այնճարի արուեստասէր հանրութիւնն ու դպրոցական աշակերտները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՋԱՀ յանձնախումբի անդամ Զաքար Քէշիշեան: Ան ներկայացուց Ջիւան Աւետիսեանը, ինչպէս նաեւ ներկաներուն յիշողութիւնը թարմացուց` անդրադառնալով Աւետիսեանի բեմադրած անցեալի յայտնի ժապաւէններուն:

Աւարտին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան անունով խօսք արտասանեց Եսայի Հաւաթեան: Ան շնորհաւորեց Ջիւան Աւետիսեանը իր յաղթարշաւին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իր յառաջիկայ ծրագիրներուն: Ապա ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յարութ Զէյթլեան Այնճարը խորհրդանշող յուշանուէր մը յանձնեց Ջ. Աւետիսեանի, այնուհետեւ բեմադրիչը շնորհակալութիւն յայտնեց ՋԱՀ յանձնախումբին` «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնին ցուցադրութեան կազմակերպումին համար, հուսկ` պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժապաւէնին աշակերտական ցուցադրութիւնը` ներկայութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական քոլէճի եւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի` 450 աշակերտ-աշակերտուհիներու:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՋԱՀ յանձնախումբի ատենապետ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան աշակերտութեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, որ ժապաւէնը կը ներկայացնէ մարդկային պատմութիւն մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուած է արցախեան քառօրեայ պատերազմը: Ապա Գալեմքէրեան ներկայացուց արցախցի անուանի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ժապաւէնին ստացած մրցանակներուն եւ նուաճած յաջողութիւններուն:

Աշակերտները հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ դիտեցին ժապաւէնը, որմէ ետք Աւետիսեանի խօսքով եզրափակուեցաւ ձեռնարկը:

Նոյն օրը յետմիջօրէին Ջիւան Աւետիսեան այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Քննարկումի նիւթ դարձան ժապաւէնին եւ անոր արծարծած նիւթերուն վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

«Օդային Հարուածները Միայն Սկիզբն Են. Պիտի Սկսինք Թել Ռիֆաաթ, Մընպեժ Եւ Արաբ Բունար Շրջանները Մաքրել» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Լիբանան Հրաժեշտ Տուաւ Բեմադրիչ Եւ Յօրինող Ռոմիօ Լահուտին

RelatedPosts

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.