Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօներուն Տօնն Է Ուսուցիչի Տօնը

March 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Աշակերտական տարիներէս ինծի համար տարբեր նշանակութիւն ունեցած է Ուսուցիչի տօնը: Տարբեր եղած է այս տօնը իր իւրայատկութեամբ, հանդիսաւորութեամբ եւ սփռած ուրախութեամբ:

Տարիներու թաւալքին հետ յատուկ սպասումով դիմաւորած եմ Ուսուցիչի տօնը եւ անոր առթած ուրախութիւնը բաժնեկցած եմ իմ շրջապատիս հետ:

Հիմա, երբ բաւական հեռու եմ կրթական մթնոլորտէն եւ դպրոցական առօրեայ հեւքէն, յետադարձ ակնարկով մը կը փորձեմ մտածել, թէ ինչո՞ւ այսքան բերկրանք ու թելադրականութիւն գտած եմ տարիներու մէջ մէկ օրուան օրացուցային այս տօնին:

Եկեղեցական տօն չէ ան, ո՛չ ալ երկար արձակուրդի առիթ:

Ազգային տօն ալ չէ ան, ոչ ալ ժողովրդային մեծ հանդիսութիւններու առիթ:

Զուտ լիբանանեան առումով, ո՛չ քաղաքական դէպքի մը, դէմքի մը կամ խորհրդանիշի մը յատկացուած յարգանքի օր մը, ո՛չ ալ քաղաքական սովորական ելոյթներու առիթ:

Այս բոլորէն անդին սակայն, տօն մըն է Ուսուցիչի տօնը, որ իր մէջ խտացուցած է բազմիմաստ արժէքներ, բազմահորիզոն խորհուրդներ եւ գոյութեան պայքարի տարաբնոյթ զէնքեր:

Համեստ ու պարզ մարդոց տօնն է ան:

Գիտութեան մարդոց ու դաստիարակներուն տօնն է ան:

Մեր գոյատեւումն ու յարատեւութիւնը ապահովող նուիրեալներու տօնն է ան:

Ազգէն սորվածը ու աշխարհէն ամբարածը կրկին իր ժողովուրդին ու նորահաս սերունդներուն վերադարձնողներուն տօնն է ան:

Փոքրերը մեծցնող ու մեծութիւններ կառուցող մարդոց տօնն է ան: Պարզ անհատները արժանիքներով զրահելու ու զանոնք արժանաւոր մարդոց վերածող դարբիններու տօնն է ան:

Իր ինքնութիւնը ճանչնալու, հպարտութիւն զգալու, գլուխը բարձր պահելու, միջակութիւններն ու նահանջը մերժող անհատներ կռանող համեստ ծառաներու տօնն է ան:

Երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան անխառն զգացումներ արտայայտելու առիթ ստեղծող տօնն է Ուսուցիչի տօնը:

Ուսուցիչի տօնը հայ եկեղեցին հայ պահող ու հայ եկեղեցականը պատրաստող առաքեալներուն տօնն է:

Ան տօնն է դպրոցը, միութիւնը, ակումբը, հասարակական կազմակերպութիւնը, ընտանիքն ու կուսակցութիւնը ամուր հիմերու վրայ հաստատող շինարարներուն:

Չըլլային ուսուցիչները, ո՞վ պիտի պատրաստէր հայ եկեղեցականը, հայ ղեկավարը, հայ միութենականը, հայ հաւատացեալը:

Ո՞վ պիտի տայ մեզի հայու հպարտութիւնը, ազգային ինքնուրոյնութիւնը, գոյատեւման ու պահանջատիրութեան ոգին:

Ո՞վ պիտի յաւերժացնէր մեր ազգը:

Ո՞վ պիտի պատրաստէր գրողը, բանաստեղծն ու արձակագիրը, բանասէրն ու դասախօսը, ո՞վ պիտի ապահովէր մեր հաւաքականութեան բարգաւաճումը, ո՞վ պիտի հայթայթէր անհրաժեշտ զէնքերը` հասնելու համար համալսարան, վկայուելու, ասպարէզ նետուելու, յաջողութիւններ նուաճելու, անուանի դառնալու, հարստութիւններ ունենալու:

Ու դեռ հարցումները կրնան ակնթարթի արագութեամբ հրմշտկել զիրար, աղմուկ բարձրացնել ու մղել արդարօրէն ու բարձրաձայն գոռալու`

Տօներուն Տօնն է Ուսուցիչի Տօնը:
Առանց ուսուցիչի պիտի ըլլայ ո՛չ մէկ տօն:
Պանծացնենք այս տօնը:
Յարգենք այս տօնը տօնի վերածող աննման ուսուցիչները:
Յարգենք զանոնք խօսքով ու գործով:

Ու խոնարհինք անոնց առջեւ` գիտնալով, որ անոնց դէմքի իւրաքանչիւր կնճիռին եւ գլխու իւրաքանչիւր ճերմակ մազին մէջ մենք ունինք մեր բաժինը:

 

 

Նախորդը

Պարոնն Է, Մեր Սիրելին…

Յաջորդը

2013-Ի Պատանիներու Ողիմպիական Խաղեր. 6 Քաղաքներ Առաջադրած Են Իրենց Թեկնածութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.