Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանուցողական. Մեսրոպեան Վարժարանը Եւ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (AVC) Կը Քննարկեն Գործակցութեան Ծրագիրներ

November 19, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, 16 նոյեմբեր 2022-ին առցանց հանդիպում մը կայացաւ մէկ կողմէ վարժարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասանիւթերու ուսուցիչներուն ու բաժիններու պատասխանատուներուն, իսկ միւս կողմէ` ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի (Armenian Virtual College) պատասխանատու աշխատակիցներուն միջեւ` Երեւանէն:

Հանդիպումը նուիրուեցաւ Մեսրոպեանի մէջ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան առկայ ծրագիրները առաւել հարստացնելու միջոցներու քննարկման եւ այդ առաջադրանքին մէջ Հայկական համացանցային համալսարանի ծրագիրներէն օգտուելու կարելիութիւններու ծանօթացման:

Հայկական համացանցային համալսարանի համագործակցութեան եւ գործառնական բաժինի ղեկավար Արփինէ Թաւաքալեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ՀՀՀ-ի ծրագիրները, որոնցմէ կ՛օգտուին հազարաւոր ուսանողներ, դպրոցներ եւ համայնքային կազմակերպութիւններ, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի դասանիւթերուն մէջ:

ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի բաժինի պատասխանատու ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեան իր հերթին ներկայացուց հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերող դասանիւթերու բովանդակութեան եւ ուսուցման եղանակներուն, ինչպէս նաեւ անոնց նպաստող առկայ աղբիւրներուն վերաբերող սպառիչ տեղեկութիւններ: Մեսրոպեանի ուսուցիչները յատկապէս ծանօթացան ՀՀՀ-ի հիպրիտ կրթութեան ծրագիրին, որ նախատեսուած է դպրոցներուն համար:

Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ այս առիթով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական համացանցային համալսարանի պատասխանատուներուն` հայագիտական նիւթերու դասաւանդումը արդիականացնելու նպատակին մէջ Մեսրոպեանին օգտակար դառնալու պատրաստակամութեան համար: Ան մեծապէս գնահատեց այն գործունէութիւնը, որ ՀՀՀ-ն կը տանի վասն հայկական կրթութեան, ամբողջ աշխարհի տարածքին, հաստատելով, որ Մեսրոպեան վարժարանը ընդառաջ պիտի մնայ ՀՀՀ-ի հետ գործակցութեան` հարստացնելու համար վարժարանին մէջ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան առկայ ծրագիրները, յատկապէս ուսուցման արդիական եւ գրաւիչ ոճերու որդեգրումով:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Առաջնորդ Սրբազանը Յատուկ Հանդիպման Մը Հրաւիրեց Արեւմտեան Թեմի Ազգային Պատգամաւորները

Յաջորդը

2022-ի Ֆութպոլի Մոնտիալը Քաթարի Մէջ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.