Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ «Իրանի Հռետորաբանութեան» Լոյսին Տակ Կը Կանգնին Ազրպէյճանի Կողքին

November 12, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն` մեկնելով այն իրողութենէն, որ Թեհրան վերջերս յայտարարած էր, որ Իրանի մէջ ահաբեկչութիւն կատարած անձերէն մէկը Ազրպէյճանի քաղաքացի է:

Պատասխանելով լրագրողի` «աճող հռետորաբանութիւն կայ նաեւ Իրանէն դէպի դրացի երկիրներ, ինչպիսին է Ազրպէյճանը: Անոնք վերջերս կը սպառնան: Անոնք նաեւ յայտարարութիւն մը կատարած են` մեղադրելով Ազրպէյճանը Իրանի տարածքին մէջ ահաբեկչութիւն կատարելու յանցանքով: Միացեալ Նահանգները պիտի կարենան կանգնիլ եւ պաշտպանել այդ դրացի երկիրները, եթէ Իրանը շարունակէ անոնց դէմ իր հռետորաբանութիւնը» հարցումին Փրայս ըսած է.

«Մենք շատ պարզ ըսած ենք, որ Իրան սպառնալիք է շրջանին համար: Մենք պիտի շարունակենք կանգնիլ մեր գործընկերներուն կողքին, աջակցիլ անոնց եւ, ի վերջոյ, դիմակայել այն ապակայունացնող ազդեցութիւնը, որ կը ներկայացնէ Իրանը իր շրջանին մէջ եւ թերեւս ատկէ դուրս»:

Ազրպէյճանի Դեսպանը Կանչուած Է
Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ալի Ալիզատէ 10 նոյեմբերին կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին հաղորդած է թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Ազրպէյճանի դեսպանը Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչելու պատճառ դարձած են Ազրպէյճանի պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները եւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու մէջ ոչ բարեկամական հակաիրանեան հրապարակումները:

«Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն` ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն եւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու մէջ ոչ բարեկամական հակաիրանական հրապարակումներուն առնչուած», կ՛ըսուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարութենէն յոյս յայտնած են, որ այս հոլովոյթը կարելի եղածին չափ արագ կը դադրեցուի: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ այս հոլովոյթը կարելի եղածին չափ շուտ պիտի դադրեցուի, եւ անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկուին` ատոր կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար», Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ նշուած է ազրպէյճանցի դիւանագէտին:

Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Դեսպանը Կանչուած Է
Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան սէյիտ Ապպաս Մուսաւի երէկ կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը:

Կը նշուի. «Հանդիպումի ընթացքին դժգոհութիւն եւ մտահոգութիւն արտայայտուած է Իրանի հակաազրպէյճանական քարոզչութեան, Իրանի բարձրաստիճան քաղաքական եւ զինուորական գործիչներու զրպարտչական արշաւին եւ սպառնալից հռետորաբանութեան առնչութեամբ, որոնք չեն համապատասխաներ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ոգիին»:

Ըսուած է նաեւ. «Իրանի դեսպանատուներուն մէջ Ազրպէյճանի մէջ անջատողականութիւն հրահրող եւ այլ երկիրներու մէջ քրէական հետապնդումէ խուսափող անձերու ընդունելիութիւնը ոչ բարեկամական քայլ է»:

 

Նախորդը

Ուքրանական Ուժերը Տասնեակ Բնակավայրերու Վրայ Վերահսկողութիւն Հաստատած Են

Յաջորդը

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հոլովոյթը Տակաւին Փխրուն Կը Մնայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.