Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, իր ունեցած պատկերասփռուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ինչպէս նախապէս, այս անգամ եւս կու գայ ըսելու, որ Հենրիխ Մխիթարեանի առջեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին դռները միշտ բաց են:
«Ան ըլլալով արհեստավարժ ֆութպոլիստ` նմանօրինակ որոշում ինք է, որ պիտի տայ: Մեր բոլորին փափաքն է, որ ան վերադառնայ ազգային հաւաքական: Անոր վերադարձին գծով ներկայիս յաւելեալ ըսելիքներ պիտի չունենամ` սպասելով նոր գլխաւոր մարզիչի նշանակումին: Երբ ունենանք մեր նոր մարզիչը, կը կարծեմ, որ ան եւս այս նիւթին մասին կը խօսի եւ կը կատարէ յայտարարութիւն մը: Մեր միջեւ ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի, եւ մենք ամէն ինչի պատրաստ ենք, եթէ ան փափաքի վերադառնալ: Ինչ կը վերաբերի Մխիթարեանի համար հրաժեշտի մրցում չկատարելուն, պատճառը այն է, որ մենք կը հաւատանք, որ ան օրին մէկը պիտի վերադառնայ հաւաքական», ըսաւ Մելիքբէկեան:


