Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան իր ակումբին` Ասթանայի հետ հանդիսացաւ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեան:
Մայրաքաղաքի կազմը այսպիսով 7-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին:
2022 տարուան 26-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Ասթանա 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շախտիոր Քարականտիին, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 53 կէտ եւ կէտով մը միայն գերազանցելով Աքթոպէին, որ հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Յովհաննիսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին եւ կատարեց իր 23-րդ մրցումը, յունուար 2022-ին միացած էր Ասթանային:


