Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Սաութհեմփթըն իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչ Ռալֆ Հասենհաթըլը, որ իր պաշտօնը ստանձնած էր դեկտեմբեր 2018-ին:
55 տարեկան աւստրիացին պաշտօնանկ եղաւ կազմին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
«Փրեմիեր Լիկ»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Սաութհեմփթըն, որ ապահոված է միայն 12 կէտ, կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 18-րդ վտանգաւոր դիրքը եւ Ա. դասակարգ («Փրեմիերշիփ») փոխադրուելու վտանգին տակ է:
Հասենհաթըլի օգնականը` Ռուպեն Սելես, նշանակուեցաւ ժամանակաւոր մարզիչ:


