Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, ուրբաթ, 4 նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ` նուիրուած սփիւռքի հայ երգարուեստի նշանաւոր անձնաւորութիւններէն Լեւոն Գաթրճեանի, մասնակցութեամբ լիբանանահայ արուեստագէտներու եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի արական կազմին:
Թատերասրահի զոյգ յարկերը լեցուցած հոծ բազմութեան կողքին հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան յայտնեց, որ հայ մշակոյթի մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի հայ երգը` աւելցնելով, թէ լիբանանահայ կեանքին մէջ հայ երգով դաստիարակուած են սերունդներ, ներշնչուած են հերոսներ, քաջալերուած են երիտասարդներ` իրենց տաղանդները յայտնաբերելու, իսկ մենք մեր զգացական կեանքին մեծ բաժինը կը պարտինք լիբանանահայ երաժիշտներու եւ արուեստագէտներու, որոնք հարազատ հայ երգը մեկնաբանելով ոչ միայն սիրցուցին զայն, այլ նաեւ թռիչք տուին մեր երազներուն եւ իղձերուն:
«Երբ կը խօսինք լիբանանահայ երգարուեստին մասին պիտի յիշենք մեր մեծերէն Լեւոն Գաթրճեանը: Եւ մենք հաւաքուած ենք այսօր ոչ միայն յիշելու անոր վաստակը, այլ նաեւ յարգելու յիշատակը արուեստագէտի մը, որ անցեալ դարու 1960-ական եւ 1970-ական տարիներուն անսակարկ ծառայեց հայ երգի տարածման ու շեշտելով շեշտեց, որ անոր հարազատ մեկնաբանութիւնը մեր բոլորին պարտականութիւնն է», հաստատեց Հ. Էմմիեան` նկատել տալով, որ Լեւոն Գաթրճեանը այն համեստ երգիչն էր, լաւատեղեակ իր ձայնի կարողութիւններուն, որ ուզեց տաղանդը զարգացնել մասնագէտ ուսուցիչներու մօտ, ան նոյնիսկ յաճախեց Լիբանանի պետական երաժշտանոց: Ան ըսաւ, որ Գաթրճեան եղած է մենակատար լիբանանահայ բազմաթիւ երգչախումբերու եւ նուագախումբերու: Օրին, ան Սայաթ Նովայի, գուսանական ու ժողովրդային երգերու սփիւռքի լաւագոյն մեկնաբանն էր:
Հուրի Փափազեան-Էմմիեան ըսաւ, որ Լեւոն Գաթրճեանի հիմնական առաքինութիւնը, սակայն, կը մնայ իր ոճին պահպանումը, որ սկզբունքի համազօր է: Գաթրճեան հայերէն երգեց ու մնաց անդրդուելի, մնաց արթուն զինուորը հարազատ հայ երգին: Երգեց սիրոյ, հայ ընտանիքին, հայրենիքին ու Արցախի մասին, երգեց, որպէսզի այդ արժէքները պահէ մեր մէջ: Ան շեշտեց, որ հայ երգին դերն է ժողովուրդի մը աւանդութիւններու եւ արժէքներու պահպանումը, առանց, որոնց մենք այսօր հոս պիտի չըլլայինք: «Ճիշդ է, որ մեծ դէմքերը ֆիզիքապէս կը հեռանան մեզմէ, սակայն, անոնք կ’ապրին իրենց երգերու ընդմէջէն», շեշտեց Էմմիեան` մաղթելով, որ նոր սերունդը հետեւի Գաթրճեանին եւ անոր նմաններու բարի օրինակին` շարունակելով նախանձախնդիր ըլլալ հայ երգի հարազատ մեկնաբանման ու տարածման:
Այնուհետեւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի արական կազմը` խմբավարութեամբ Գօգօ Ալլոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ալեքս Սուսանիի, տհոլի ընկերակցութեամբ Վարանդ Կիրակոսեանի, մեկնաբանեց Լեւոն Գաթրճեանի «Հայ ենք մենք» եւ «Արմենեան հողը» երգերը:
Օրուան բանախօս, լիբանանահայ երաժշտագէտ եւ դասախօս դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան իսկական հերոս համարեց Լեւոն Գաթրճեանը եւ բացատրեց, որ անոր հերոսութիւնը կը մարմնաւորուի յատկապէս կատարած ընտրանքին մէջ, այսինքն` հայ աշուղական ոճով հայ երգը մեկնաբանելուն, գաղափար մը, որուն խորապէս համոզուած ու հաւատացած էր Գաթրճեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Բանախօսը ըսաւ, որ Գաթրճեան չէ փորձած ոեւէ այլ հայ երգիչի նմանիլ, այլ` առաջին օրէն ինքնիրե՛ն նմանեցաւ եւ ունեցաւ մեկնաբանական բացառիկ ինքնուրոյնութիւն մը եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ վերջ: Եւ պատահական չէ, որ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ ան արժանացաւ գնահատանքի, ջերմ ծափողջոյններու, եւ որակեցին զինք որպէս Սայաթ Նովայի երգերու սփիւռքահայ լաւագոյն մեկնաբան:
«Այդ գաղափարին ծառայելու համար` 70-ական թուականներուն, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կ՛ապրէին իրենց տնտեսական եւ մշակութային ոսկեդարը, երբ հայ երգիչները իրարու հետ կը մրցակցէին էսդրատային նորոյթ ոճով հայերու սրտերը գրաւել, Գաթրճեան գրեթէ մինա՛կն էր, որ նախընտրեց հաւատարիմ մնալ իր գաղափարին ու աշուղական «հնամաշ» որակուած ոճին: Այո՛, հնամաշ, բայց աւելի՛ հայկական ու արեւելեան, քան թէ եւրոպական եւ համաշխարհային: Ուստի` աւելի՛ պահպանողական ու հարազատ», շեշտեց դոկտ. Թորիկեան` աւելցնելով, որ այդ թուականներուն էր, որ Պուրճ Համուտի մէջ թրքերէն լեզուին ու երգերուն դէմ բուռն պայքարը բացուած էր: Թրքաբարոյ ոճով տարուած սերունդին, յատկապէս երէցներուն համար Լեւոն Գաթրճեանի երգերը դարձան իսկական մխիթարանք եւ փրկարար փոխարինում մը:
Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը նկատել տուաւ, որ Գաթրճեանի երգացանկը շատ ճոխ եղած է թէ՛ որակով, եւ թէ քանակով: Հոն կը գտնենք առաւելաբար հայրենասիրական, ֆիտայական, աշուղական եւ սիրային երգեր: Այս երգերը աւելի մտքի՛ն, սրտին ու հոգւո՛յն ուղղուած` ունկնդրուելի՛ք յուզիչ երգեր են, եւ նուազ` պարելու համար ծրագրուած, նիւթական առաւել շահերու ակնկալութեամբ:
Դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան դիտել տուաւ, որ Գաթրճեան չէր բաւականանար իր երգեցիկ ու ճշգրիտ ձայնով, որ բնատուր էր, բայց նաեւ յղկուած, տոկուն էր, բայց ճկուն, ուժեղ էր, բայց յուզիչ, արեւելեան էր, բայց հայկական, բոլոր ճշմարիտ հայերուն ձայնին նման, սակայն շատ անհատական եւ աննման: Եւ, ամէնէ՛ն կարեւորը` անոր խոր ու անկեղծ մեկնաբանութիւննե՛րը, որոնք կը մարմնանային իր ձայնի թրթռացումներուն մէջ, որոնք ուղղակիօրէն կը հասնէին ունկնդիր հայուն սրտին:
«Լեւոն Գաթրճեանին համար արուեստը արուե՛ստ էր, եւ ո՛չ թէ արհեստ: Անոր համար երգը երգի՛ն համար էր, եւ ո՛չ թէ պարին համար: Լիբանանահայ աշուղական երգի հերոսը ոչ եւս է հիմա, բայց անոր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ` գոնէ շնորհիւ իր ձայնագրած երգերուն, որոնք հարկ է յաճախ ունկնդրել, անոր ձայնին միջոցով վերապրիլ Գաթրճեանի զգացական անկեղծ ու հայադրոշմ աշխարհը` մաղթելով, որ ան ունենայ իր արժանի հետեւորդները, նոյ՛ն արուեստին նոր ծառաները», եզրափակեց դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան:
Այնուհետեւ յաջորդաբար բեմ բարձրացան երգիչները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեկնաբանեց Լեւոն Գաթրճեանէն երգեր` ընկերակցութեամբ երգեհոնի վրայ Սեդօ Պաղտասարեանի, տուտուկ` Յակոբ Քելուկեան, սրինգ` Կարպիս Էօրտէքեան, հարուածային` Վահէ Սիմոնեան: Այսպէս, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան մեկնաբանեց «Հայր իմ մանկուց», «Ծաղկիր ինձ համար» երգերը, Էտի Նալպանտեան` «Ղարաբաղ», «Արմենեան հողը», «Կարս», Յովիկ Ճիւնիոր` «Հայրենիքէս հեռացել եմ», «Ես ան հայի տունը», Հրաչ Կայծակեան` «Եարը մարդու եարա կու տայ», «Հայեր արթնացէք», Նորայր Գազանճեան` «Երբ կը յոգնիս», «Ով է մեղաւոր», «Մի մոռանայ քո ազգին»:
Լեւոն Գաթրճեանի նուիրուած յուշ երեկոն առիթ եղաւ յարգելու անոր յիշատակը եւ խոնարհելու անոր վաստակին առջեւ:






