Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամէնէն տգեղը կառավարական դատարկութիւնն է` հաստատելով, որ կառավարութեան օրինականութիւնը արտաքին աշխարհէն կարելի չէ ապահովել:
Ան նշեց, որ նախագահական եւ կառավարական դատարկութիւններուն դիմաց լաւագոյնը այն է, որ վստահուի խորհրդարանին` նախագահական ընտրութիւն կայացնելու առումով:
Պասիլ նշեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի բազմիցս փաստեց, որ ինք չի փափաքիր կառավարութիւն կազմել` աւելցնելով, որ թէեւ Հըզպալլա փորձեց դիւրացնել կառավարութեան կազմութիւնը, սակայն ի վերջոյ յստակ դարձաւ, որ վարչապետը տրամադիր չէ:
Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ նշեց, որ շիի երկեակին եւ Միքաթիի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որ այս կառավարութիւնը մնայ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն, եւ վարչապետը նիստի չհրաւիրէ նախարարաց խորհուրդը:
Ան նշեց, որ խորհրդարանը լուրջ մօտեցում չէ ցուցաբերած հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակը կարդալու մասին, սակայն պէտք է հաստատել, որ նախագահ Աունի իշխանութեան օրով գործադրուած կարեւորագոյն իրագործումը այն է, որ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը գետնի վրայ գործադրուեցաւ եւ ոչ թէ թուղթի վրայ: «Այդ իրագործումներէն առաջինը «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնն էր, իսկ երկրորդը` հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումը», հաստատեց ան:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ ինք կը մտածէ Սուրիա այցելել եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպիլ` աւելցնելով սակայն, որ կը պատրաստուի ամբողջ Արեւելքին վայել նախաձեռնութիւն մը` կատարելու համար այդ այցելութիւնը:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ իր ունեցած հանդիպումին` Պասիլ յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլա իրեն յայտնած է ռազմավարութեան մը մասին` շեշտելով, որ Հըզպալլա վստահութիւն ունի իր եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի նկատմամբ:
«Ես նախագահական ընտրութեան թեկնածու չեմ եւ համաձայն եմ համախոհական նախագահի մը ու երկիրը յաւելեալ տառապանքէ խնայելու քայլերուն: Սկիզբէն յստակ է, որ մենք Ֆրենժիէին պիտի չզօրակցինք, եւ կոչ կ՛ուղղեմ համաձայնելու երրորդ թեկնածուի մը շուրջ», հաստատեց ան:
Նախկին նախարար Զիատ Պարուտի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ շեշտեց, որ Պարուտ լաւ անձնաւորութիւն մըն է, սակայն լաւ ըլլալը բան մըն է, իսկ հանրապետութեան նախագահութիւնն ու քաղաքական ուժերուն կեցուածքները` տարբեր բան:


