Հազմիէի «Քրետի Լիպանէ» դրամատան մասնաճիւղը նախանցեալ օր ներխուժումի ենթարկուած էր զինեալներ Ալի Սահիլի եւ Իպրահիմ Պայտունի կողմէ, որոնք նաեւ դրամատան մէջ պենզին թափած են եւ իրենց մօտ ունեցած են 6 քոքթէյլ մոլոթով տիպի ռումբեր, ու սպառնացած զանոնք օգտագործել` Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ զիրենք բռնի ուժով ձերբակալելու որեւէ փորձի պարագային:
Զինեալները մինչեւ չորեքշաբթի կէս գիշեր մնացին դրամատան մէջ` ներսը պատանդ պահելով նաեւ յաճախորդներն ու պաշտօնեաները:
Դրամատուներուն մէջ պահ գումար ունեցող լիբանանցիներու միութիւնը հաստատեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի անձամբ պատասխանատու է, եթէ ապահովութեան ուժերը անխոհեմ քայլի մը դիմեն եւ դրամատան մէջ արիւնահեղութեան պատճառ դառնան:
Կէս գիշերին երեսփոխան Եասին Եասին ուղղուեցաւ դրամատուն` հետեւելու համար դրամատան մէջ պահ գումար ունեցող Ալի Սահիլի եւ Իպրահիմ Պայտունի հարցին:
Դրամատան վայրը հասան նաեւ ապահովութեան ուժերն ու մասնայատուկ ուժերը, որոնք ձերբակալեցին Ալի Սահիլն ու Իպրահիմ Պայտունը եւ պատանդ առնուած պաշտօնեաները կրցան ազատ արձակել:


