Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Պեքաայի Ազհար հաստատութեան կեդրոնատեղին, ուր դիմաւորուեցաւ Ազհարի ընդհանուր տնօրէն շէյխ Ալի Ղազզաուիի եւ երեսփոխաններ Հասան Մըրատի ու Պիլալ Հշայմիի կողմէ:
Ազհարի մէջ իսլամ հոգեւորականներու հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Պուխարի հաստատեց, որ Լիբանանի հետ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւնները իրենց լաւագոյնին պիտի հասնին նոր կառավարութեան կազմութենէն, ինչպէս նաեւ Ռիատի եւ լիբանանեան թղթածրարով հետաքրքրուած այլ երկիրներու վստահութիւնը վերականգնող հանրապետութեան նոր եւ գերիշխան նախագահի ընտրութենէն ետք:
Պեքաա կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ Պուխարի այցելեց նաեւ Տար Հանանի կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հասան Մըրատի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Մըրատ ընդգծեց, որ իրենք կառչած կը մնան Թաէֆի համաձայնագիրին բովանդակած իւրաքանչիւր կէտին ու յօդուածին եւ անոնց գործադրութեան:
Մըրատ ընդգծեց, որ իրենք կը հաւատան Սէուտական Արաբիոյ համախմբող դերակատարութեան եւ արաբական միասնականութիւնը պահպանելու անոր նախանձախնդրութեան:
«Լիբանան միշտ պիտի յիշէ Ռիատի զօրակցութիւնը` անոր դիմագրաւած ամէնէն դժուար եւ ծանր պայմաններուն ընթացքին», հաստատեց ան:


