Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.000 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի տեղեկատուական գրասենեակը հաստատեց, որ Ֆայեատի մօտ կանեփի ձէթ եւ հաշիշ չէ գտնուած` Ալճերիոյ մաքսատան կողմէ: Ֆայեատի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը ցաւ կը յայտնէ նման տարաձայնութիւններու համար, երբ ան Ալճերիա կը գտնուի Լիբանանի կառավարական յանձնախումբին հետ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի Ելեկտրական ընկերութեան համար նաւթ ապահովելու:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ գնդապետ-զօրավար Խալիլ Ալի Ժապերը նշանակեց Զինուորական ատեանի նախագահ` նկատի ունենալով գնդապետ-զօրավար Ալի Հաժի հանգստեան կոչուիլը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ տրամադրուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, այդ ուժերը ներխուժած են Ղազիէի մէջ գտնուող մառան մը, ուրկէ գրաւած են 5 միլիոն 415 հազար Քեփթակոնի դեղահատ, որ պատրաստուած էր ուղարկուելու Ապիճան եւ ապա Սուտան: Մաուլաուի շեշտեց, որ այս մասին անմիջապէս հետաքննութիւն բացուած է:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանան կը ցաւակցի Հնդկաստանի Կոճարաթ նահանգին մէջ կամուրջի մը փուլ գալուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն ազգային երկխօսութիւն մը կատարելու եւ դուրս գալու այնպիսի լուծումներով, որոնք Լիբանանի եւ պետութեան ապագային ու կեանքին նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը կը վերականգնէ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 27.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 28.000 լ. ոսկիով, մազութը` 24.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 6000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 702.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 718.000 լ. ոսկի, մազութը` 832.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 416.000 լ. ոսկի:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Օմանի նոր դեսպան Ահմետ պըն Մոհամետ Սայիտիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջական մարզի յարաբերութիւններն ու փորձառութիւններու փոխանակումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ երէկ յայտնեց, որ ազգային երկխօսութիւն կատարելու իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը առկայ է, եւ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին: Հաշեմ ընդգծեց, որ այդ նախաձեռնութեան խորագիրը նախագահական ընտրութիւններն են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Օմանի նոր դեսպան Ահմետ պըն Մոհամետ Սայիտիի հետ: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իշխանութեան մէջ դատարկութիւն չկայ` աւելցնելով, որ կարելի չէ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը պատասխանատուութենէ զրկել: «Գործադիր իշխանութիւնը պէտք է շարունակուի, եւ խորհրդարանը այս հարցը պէտք է լուծէ, իսկ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարուելիք պարտականութիւն է», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. «Սուրիոյ Սուփըր Քափ». ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նաուահիր` 79-72

Յաջորդը

Պուխարի. «Լիբանանի Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Իրենց Լաւագոյնին Պիտի Հասնին Ռիատի Վստահութիւնը Վերականգնող Նոր Նախագահի Ընտրութենէն Ետք»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.