Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուղերձ. Կանանց Միջազգային Օրուան Առիթով

March 8, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կանանց միջազգային օրուան առիթով, Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը շնորհաւորէ հայ կինը` աշխարհի չորս ծագերուն:

Մեր ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան եւ յատկապէս վերջին հարիւրամեակին ընթացքին հայ կնոջ դերը եղած է հիմնական` ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի սոսկ ֆիզիքական գոյատեւման համար, այլ մեր ազգային ինքնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման ու անոնց յառաջիկայ սերունդներու փոխանցման գործին մէջ:

Հայ կնոջ դերակատարութիւնը բազմապատիկ կարեւորութիւն կը ստանայ, երբ ականատես ու ականջալուր կը դառնանք զանազան այլ հաւաքականութիւններու պարզած մերօրեայ ցաւալի իրավիճակին, երբ հակառակ միջազգային նեցուկին, այդ հաւաքականութիւնները իրենց դիմագրաւած տագնապներէն ո՛չ միայն չեն յաջողիր դուրս գալ, այլ օրէ օր կը կորսնցնեն իրենց ընկերային ու մշակութային արժէքները, եւ կը քանդուի անոնց ազգային արժեչափերու համակարգը:

Սփիւռքի թէ հայրենիքի տարածքին, մեր ժողովուրդի գոյապայքարին մէջ անառիկ միջնաբերդ դարձած հայ կինը շնորհաւորելով Կանանց միջազգային օրուան առիթով` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կոչ կ’ուղղէ անոր` նոյն թափով ու վճռակամութեամբ մասնակից դառնալու ազգային մեր նոր իրականութեան կառուցման, իր արժանի տեղը գրաւելով հայ հասարակական կեանքի ղեկավարման գործին մէջ: Այս իմաստով կրկնակի կորով կը մաղթենք ամէն մէկ ՀՕՄ-ականի` որպէս յանձնառու հայ կնոջ եւ ՀՕՄ-ի մէկ դարեայ համամարդկային ու ազգային ծառայութեան աւանդութեան ժառանգորդի` քաջ իմանալով, որ ան ո՛չ մէկ ճիգ պիտի խնայէ ի կատար ածելու ՀՕՄ-ի ծրագիրները ի խնդիր մարդկութեան բարօրութեան ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի եւ ամբողջական մեր հայրենիքի բարգաւաճման:

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Մարտ, 2012

 

 

Նախորդը

Յարութիւն Նագուլեանը` Երէկ Եւ Այսօր, Կամ` Գովք Եւ Հրաժեշտ Վաթսունականներին

Յաջորդը

Կիներու Միջազգային Օրը Նշենք Իւրաքանչիւր Տարուան 8 Մարտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.