ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննեց երկրի այժմու իրավիճակը: Այս առիթով Ռայի պատրիարքը շեշտեց նախագահական ընտրութեան եւ նոր կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Սուրիոյ դեսպանին հրաժեշտի այցելութիւնը` անոր պաշտօնավարութեան աւարտին բերումով: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանային ու տեղական նորագոյն իրադարձութեանց վրայ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ ընդգծեց, թէ ինք նախանձախնդիր է բարձրորակ եւ լաւագոյն դարմանումի հոգածութիւն ցուցաբերել երկրի հիւանդներուն եւ յատկապէս քոլերայէ վարակուողներուն, հակառակ երկրին մէջ տիրող ծանր պայմաններուն:
ՊԵՔԱԱՅԻ Թըրպոլ շրջանին մէջ Է. Սըղպինի անունով տիկին մը բողոքեց, թէ անծանօթներ աւելի քան քսան հազար տոլար արժողութեամբ գոհարեղէն, հազար ամերիկեան տոլար եւ ինը միլիոն լիբանանեան ոսկի գողցած են իր բնակարանէն:
ԹԸՐՊՈԼԻ դաշտին մէջ լարուած վրանի մը բնակիչ սուրիացի աղջիկ մը ինքզինք կախելով անձնասպան եղած է: Այս մասին ապահովական պատկան մարմիններ հետաքննութիւն բացած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ծագումով ատամնաբուժ մը եւ իր օգնականը դաշունահարուելով վիրաւորուած են Ֆրանսայի Թուր քաղաքին մէջ: Դէպքը պատահած է անցնող17 հոկտեմբերին, երբ հիւանդ մը ընդվզելով` դաշոյնի եւ մուրճի հարուածներով յարձակած է 58-ամեայ լիբանանցի ատամնաբուժին վրայ:
ԱՔՔԱՐԻ Մըշմոշ աւանէն Օմար Սէուտ անունով բժիշկ մը Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած համագումարի ընթացքին շահած է ակնաբուժութեան լաւագոյն ուսումնասիրութեան մրցանակը:


