ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 40.450 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 8000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 8000 լ. ոսկիով, մազութը` 10.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 756.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 773.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 900.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 448.000 լ. ոսկի:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ շէյխ Սալեմ Ապտալլա Ժապեր Սապահի հետ եւ շնորհաւորեց զայն Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար նշանակուելուն առիթով: Սալամ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց շէյխ Սապահի եւ շեշտեց, որ անոր նշանակումը Լիբանանին համար ուրախալի է` նկատի ունենալով, որ Լիբանանը անոր միտքին ու խիղճին մէջ է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի Ռուսիոյ հարցերով խորհրդական, նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը Լիբանանի դէմ պարտադրուած միջազգային շրջափակումը քանդած է: Ան աւելցուց, որ այս իրականութիւնը իշխանութեան կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկն է:
ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց բարեկարգչական երեսփոխան Նաժաթ Աուն-Սալիպան, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արտագաղթի քաղաքականութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիճի Մարիա Վինալի` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերին, ինչպէս նաեւ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Մարքօ Զոնային: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն բանակներու միջեւ յարաբերութիւնները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց եւրոպական կարգ մը երկիրներու, ինչպէս` Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Հոլանտայի, Շուէտի եւ Չեխիոյ դեսպանները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկկողմանի գործակցութեան համադրումը` ապահովելու համար վերոնշեալ երկիրներու դեսպանատուներ սուրիացի ուսանողներու մուտքը: Քննարկուեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն կամովին տունդարձ կատարելու հարցը: Ապպաս Իպրահիմի այցելեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար: Քննարկուեցան երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները:


