Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիրաս Ապիատ. «Լիբանանի Մէջ Քոլերայով Վարակուածներուն Թիւը Հետզհետէ Կ՛աւելնայ»

October 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիէն կատարած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քոլերայով վարակուածներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ` հաստատելով, որ արձանագրուած պարագաները գլխաւորաբար սուրիացի տեղահանուածներուն մօտ են, «սակայն սկսած ենք նշմարել նաեւ, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն մօտ նման պարագաներ կ՛արձանագրուին», շեշտեց ան:

Ապիատ նկատել տուաւ, որ բոլորիս համար ծանօթ է եւ յստակ, որ քոլերան կանխարգիլելու հիմնական միջոցը ըմպելի ջուրի հականեխումն է` աւելցնելով, որ այդ իմաստով նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ:

Ապիատ նկատել տուաւ, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ նախաձեռնած է Պեքաայի եւ հիւսիսային Լիբանանի սուրիական գաղթակայաններուն համար մազութ ապահովել, որպէսզի կարենայ մաքուր ջուր ապահովել տեղահանուածներուն` կասեցնելու համար քոլերայով վարակումները:

Ապիատ շեշտեց, որ ջուր մատակարարող ընկերութիւններուն աշխատանքի կասեցումը` ելեկտրական հոսանքի անջատումին պատճառով, իր կարգին պատճառ կը դառնայ, որ մաքուր ջուր չհասնի շրջաններուն, հետեւաբար ջրհանները չեն բանիր եւ ջուրը չի մաքրուիր:

Ապիատ նկատել տուաւ, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը կրցած է բաւարար չափով քլորին ապահովել` ընդգծելով, որ նախարարութիւնը այդ քանակը արդարօրէն պիտի բաժնէ այդ շրջաններուն, որոնք կարիքը ունին:

Ապիատ նշեց նաեւ, որ Արսալի մէջ պիտի հիմնուի դաշտային հիւանդանոց մը, ուր ապահովուած պիտի ըլլան դարմանումի բոլոր կարելիութիւնները:

Ապիատ յայտնեց, որ քոլերայի պատուաստի համաշխարհային տագնապ կայ` նկատի ունենալով ամբողջ աշխարհի տարածքին քոլերայէ տառապող շրջանները, «բայց եւ այնպէս յաւելեալ պատուաստ ունենալու իմաստով խոստումներ ստացած ենք», հաստատեց ան:

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Սլէյման Ֆրենժիէի

Յաջորդը

Պու Սաապ. «Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Հոքշթայն Պիտի Հասնի Պէյրութ»

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Աուն-Մաքրոն Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.