Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մեր երկիրը մետալ պիտի ունենայ Եւրոպայի կռփամարտի աղջկանց մեծերու ախոյեանութեան:
Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան, Հայաստանի համար առաջին մետալը ապահովեց 63 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Սոնա Յարութիւնեան, որ քառորդ աւարտականին նաք աութով, 5-0 արդիւնքով յաղթեց վրացի իր մրցակիցին` Թեքլէ Ռամինիծէին:
Ապահովելով կիսաւարտականի իր տոմսը` Յարութիւնեան այսպիսով նուազագոյնը ապահոված եղաւ պրոնզ մետալ մը:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան մրցումներուն ներկայ է նաեւ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Յովսէփեան:


