Փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պ. Տատոյեանի «Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ. փոխյարաբերութեանց նախատիպարներ» եռահատոր գործի առաջին հատորին լոյս ընծայման առիթով, երէկ` երեքշաբթի, 6 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 68-րդ լսարանը` «Հայապատում, հայագիտութիւն եւ հայ իրականութիւն» նիւթով: Լսարանի դասախօսն էր փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պ. Տատոյեան:

Լսարանի բացման խօսքը «Ազդակ»-ի անունով արտասանեց Սիլվա Գարավարդանեան, որ նշեց, թէ Տատոյեան իր ուսումնասիրութիւններով քննութեան առարկայ կը դարձնէ պատմութեան մութ եւ խոր էջերը` նոր ենթահող հաղորդելով ժամանակակից պատմութեան:
Գարավարդանեան ըսաւ, որ դոկտ. Սեդա Տատոյեան մասնագիտութեամբ նախ գեղանկարիչ է, եւ ապա փիլիսոփայական գիտութեան մէջ ստացած է դոկտորայի աստիճանը: Ան աւելցուց, որ լսարանի դասախօսը հեղինակ է բազմաթիւ գիտական գործերու:
Ապա խօսք առաւ փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պ. Տատոյեան, որ նշեց, թէ պատումը դէպքերու ժամանակագրական յաջորդականութիւնը կը ներկայացնէ, ուր անձերը ունին գործունէութիւններ, որոնց մէջ կ’երեւին նկարագիրներ եւ մթնոլորտ:

Դոկտ. Տատոյեան յայտնեց, որ առանց պատմագիտութեան հայագիտութիւն չկայ, եւ պատմագիտութիւնը հայագիտութեան հիմնաքարն է: Ան ըսաւ, որ այսօր իւրաքանչիւր պատմութիւն ունի իր մեկնաբանութիւնը, ինչ որ զայն կը հեռացնէ առարկայականութենէ:
Ան ըսաւ, որ անցեալը իբրեւ պատմական իրողութիւն միայն գոյութիւն ունի, ապագան տակաւին չկայ, մինչ ներկան է, որ միայն կայ: Անդրադառնալով հայութեան պատմագրութեան` դոկտ. Տատոյեան շեշտեց, որ հայութեան պատմութիւնը պատումներու հաւաքածոյ է, ուր մեծ հարցադրումներ կան, եւ ուր յաճախ փաստացի տուեալներ կը բացակային: Լուսաբանելով միտքը` ան ըսաւ, որ բազմաթիւ դէպքեր կան, որոնց մասին կայ միայն մէկ հեղինակի վկայութիւն, ինչ որ կրնայ յառաջացնել բազմաթիւ հարցադրումներ:
Դասախօսը նշեց, որ բոլոր գիտութիւնները զարգացման մէջ են, սակայն այսօր պատմագիտութեան ու հայագիտութեան կը պակսին նոր զարգացումները:
Խօսելով հայագէտի մը չափորոշիչներուն մասին` դոկտ. Տատոյեան ըսաւ, որ առանց հայերէն գիտնալու եւ պատմական իմացականութիւն ունենալու կարելի չէ հայագէտ ըլլալ: Այս գծով ան ըսաւ, որ հայագէտը գրական, գեղարուեստական, տեսական եւ փորձառական գիտելիքներու վիճակը հայկական համընդհանուր վիճակին մէջ հասկնալու եւ ըմբռնելու կարողականութիւնը պէտք է ունենայ:
Փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պ. Տատոյեան նաեւ անդրադարձաւ «Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ. փոխյարաբերութեանց նախատիպարներ» եռահատոր գործի առաջին հատորի բովանդակութեան: Դասախօսութենէն ետք դոկտ. Տատոյեան պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն նիւթին շուրջ փոխանցեց յաւելեալ լուսաբանութիւններ:



