
Ընդառաջելով Կրենոպլ համալսարանի հրաւէրին` Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան պիտի մեկնի Ֆրանսա` դասախօսելու նշեալ համալսարանի կազմակերպած աշխարհաքաղաքական տարեկան խորհրդաժողովին:
Դոկտ. Սամուէլեան պիտի զեկուցէ համաշխարհային տնտեսութեան փոփոխութեան մէջ դէպի համաշխարհային տնտեսութիւն մուտք գործող ՊՌԻՔՍ երկիրներուն` Պրազիլի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի ու Հարաւային Ափրիկէի ունեցած դերակատարութեան մասին:


