ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԲԱՑՈՒՄ
Կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 2022-2023 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի բացման առիթով,
հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(Տեսուչ դպրեվանուց)
Ս. պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի 2022-2023 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը, ապա Արամ Ա. կաթողիկոս պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Թարգմանչաց սերունդին ոգեկոչման արարողութեան եւ աղօթակից դառնալու դպրեվանեցիներուն` բարի վերամուտ մը ունենալու մաղթանքով:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԿԱՐԷՆ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՆԱՀԻՏ ՂԱԶԱՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
Զ. ՄՈՒՔԱՀԱԼ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՋԱԿՑԻԼ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ
ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՈՒԻ 300 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ
Զ. Մուքահալ հիմնարկութեան կողմէ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ հաստատուած «RAFIQ» կրթական աջակցութեան ծրագիրի շրջանակին մէջ 2022-2023 տարեշրջանին կրթանպաստ պիտի յատկացուի Մեսրոպեան վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու 300 աշակերտներու: Այս մասին յայտարարեց ծրագիրի հիմնադիր եւ հովանաւոր պարոն Ուիսամ Մուքահալ: Ան յայտնեց, որ կրթական աջակցութեան ծրագիրը անուանած է «RAFIQ» (Ընկեր)` առ ի յարգանք եւ երախտագիտութիւն իր մեծ բարեկամ պարոն Վարուժ Ներկիզեանի` ըլլալով ներշնչողը աշակերտներուն օգնութեան այս ծրագիրին: Պարոն Ներկիզեան ինք տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ Մեսրոպեան վարժարանի գլխաւոր բարերարներէն մէկը` կրթանպաստներու եւ վարժարանի զարգացման ծրագիրներու հովանաւորութեան ճամբով:
Զ. Մուքահալ հիմնարկութեան «RAFIQ» ծրագիրը Մեսրոպեան վարժարանին մէջ կը գործէ 2016 թուականէն. անցեալ տարի ծրագիրին շնորհիւ կրթանպաստ ստացան 250 աշակերտներ:
Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը իր աշակերտներուն հետ միասին խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարոն Ուիսամ Մուքահալին այնքան անհրաժեշտ այս օգնութեան համար: Տնօրէնութիւնը կը հաստատէ, որ այս աջակցութիւնը պիտի օգնէ Մեսրոպեանին հետամուտ մնալու իր կրթական առաքելութեան ներկայ դժուարին ժամանակներուն եւ շարունակելու առաջարկել լաւագոյն ծառայութիւնները կրթութեան մէջ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
7 հոկտեմբեր 2022



