Երէկ` կիրակի, 2 հոկտեմբերին, մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին, երբ Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուեցան երկու մրցումներ:
Բացման մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Շիահի մարզադաշտին վրայ, Պէյրութ 101-56 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Նետիմ Սուէյտ Աքատեմին (25-21, 25-16, 28-9 եւ 23-10):
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ալի Հայտար (27 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Քլոտ Ապի Ժըպրայել:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Տինամօ, որ հիւրընկալեց Պիպլոսը, իր կարգին կէտերու մեծ տարբերութեամբ պարտութեան մատնեց ժիպէյլեան կազմը, 114-55 արդիւնքով:
Տինամոյի խմբապետ Ահմետ Իպրահիմ նշանակեց 37 կէտ:
Այսօր` երկուշաբթի, 3 հոկտեմբերի, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) Անդրանիկ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Հուփսը, ժամը 16:45-ին, իսկ Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ` Աթլասը, երեկոյեան ժամը 19:30-ին:


