Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթա ճանչցուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը` «Մարքա»-ի կողմէ:
Սպանական անուանի պարբերաթերթը կատարեց ամէն տարի սովորութիւն դարձած իր այս մրցանակաբաշխութիւնը:
29 տարեկան ֆութպոլիստը ստացաւ յատուկ մրցանակ մը, որ պրոնզէ խաղակօշիկներու տեսքով է:
Նախորդ տարեշրջանին ան Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 10 մրցումի ընթացքին նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց էսիսթ մը:


