Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Ճեզիրէի Շրջանի «Աղաւնօ» Տարեկան Բանակում

September 22, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺՇԿՀ. ՄԱՐԻ ՄԵԼՔՈՆ

Հայրենիքէն հեռու , սակայն հայրենիքի ցաւով ապրող ու հայրենասիրութեամբ շաղախուած ՀՄԸՄ-ականը միշտ պատնէշի վրայ կանգնած է սփիւռքի ամբողջ տարածքին, պահելու իր ազգային դիմագիծը եւ պահապան մնալու ազգային արժէքներուն՝ մեկնելով իր «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանէն։

Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը շարունակէ մնալ  հայապահպանման ու հայակերտումի  դարբնոցը։

ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդին կազմակերպութեամբ 15-19  Սետպ. 2022-ին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղին տարեկան բանակումը Գամիշլիի մօտակայ Ս. Աստուածածին ուխտավայրին մէջ։ Բանակումը կրեց «Աղաւնօ» անունը, որպէս խորհրդանիշ արդար պայքարի։

Բանակումին մասնակցեցան Գամիշլիի եւ Տերիքի շրջանի սկաուտները:

Բանակումի աւարտին՝ Կիրակի, 18 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ խարուկահանդէսը, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ,. Պէրպէրեանի, Պատկան Մարմինի, ՀՄԸՄ-ի Ս. Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Միհրան Տիգրանեանի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն  եւ Սկաուտներու ծնողներուն։

Բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Արցախի Եւ Սուրիոյ Նահատակներուն յիշատակը յարգելով՝ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրքի մատուցմամբ, որմէ ետք հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ բանակումի պատասխանատու խմբապետուհի Նանար Սարգիսեան, որ նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ բանակումի անհրաժեշտութեան սկաուտական կեանքին մէջ։ Ան դիտել տուաւ, որ  բանակումի «Աղաւնօ» անունը կը հաստատէ հայուն յարատեւ պայքարը սփիւռքի տարածքին ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն հայուն պապենական հողերուն վրայ։

Գեղարուեստական յայտագիրով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան սկաուտները, ներկայացնելով Արցախին եւ Հայաստանին  նուիրուած երգեր, ասմունքներ եւ լոզունքներ։ Սկաուտները գեղեցիկ բուրքեր կազմեցին՝ խլելով ներկաներու ծափողջոյնները։

Վարչութեան ատենապետ բժիշկ Անդրանիկ Սարգիսեան ընթերցեց Շրջանային Վարչութեան ուղղերձը, ուր բարձրօրէն կը գնահատուէին բանակումին մասնակցողներուն ու կազմակերպողներուն աշխատանքը։ Շրջ. Վարչութիւնը  յարատեւ վերելք եւ յաջողութիւն կը մաղթէր մասնաճիւղին։

Ապա խորհուրդի կազմի ատենապետ Մանուկ Դաւիթեանի եւ բանակումի խմբապետուհիին ներկայութեամբ  տեղի ունեցաւ գայլիկներուն Արի-Արենոյշ շարքեր փոխանցման արարողութիւնը եւ նորագիր կարգի վկայականաց բաշխումը։

Աւարտին հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան իր խօսքին մէջ գնահատեց բանակումի ընդհանուր աշխատանքը, վեր առնելով գաղութէն ներս ՀՄԸՄ-ի  ընդհանուր աշխատանքը՝ ի խնդիր սերունդներու ազգային եւ հայեցի  դաստիարակութեան։ Հայր սուրբը շեշտեց, որ  «Աղաւնօ» բանակումը ապացոյցն է, որ մենք կանք եւ պիտի մնանք հայրենիքի կողքին, Սփիւռք եւ հայաստան որպէս մէկ ամբողջութիւն մէկ բռունցք շարունակելու մեր պահանջատիրական արդար երթը։

Այնուհետեւ «Պահպանիչ» աղօթքով  յայտագիրը հասաւ իր աւարտին։

ՀՄԸՄ-ի Ճեզիրէի Շրջանի «Աղաւնօ» Տարեկան Բանակում
ՀՄԸՄ-ի Ճեզիրէի Շրջանի «Աղաւնօ» Տարեկան Բանակում
ՀՄԸՄ-ի Ճեզիրէի Շրջանի «Աղաւնօ» Տարեկան Բանակում
ՀՄԸՄ-ի Ճեզիրէի Շրջանի «Աղաւնօ» Տարեկան Բանակում

Գանձասար

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Անկախութեան ու Գոյատեւման Խորհուրդը

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Ռուս Մեծապետական Ակնոցով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եգիպտոսի Խորհրդաժողով-Շրջապտոյտ  (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Գաղութէ Գաղութ

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եգիպտոսի Խորհրդաժողով-Շրջապտոյտ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)

November 7, 2026
«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»
Գաղութէ Գաղութ

«Մխիթար Աբբահօր Ծննդեան Ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, Քաղաքական Եւ Պատմական Միջավայրը»

November 6, 2026
Գաղութ-Գաղութէ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութ-Գաղութէ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.